2014-04-25 14:02:58

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Լեհ ժողովուրդին եւ Պերկամոյի հաւատացեալներուն


Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ Սրբադասման արարողութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երկու պատգամներ ուղղած է` մէկը պատկերասփռուած Լեհ Ժողովուրդին համար իսկ երկրորդը գրի Պերկամոյի հասարակութեան։

Լեհ ժողովուրդին յղած իր պատգամին մէռ Նորին Սրբութիւնը կ՛ըսէ`

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին սիրեցեալ հայրենակիցներ ։
Կը գտնուինք Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին սրբադասումի նախօրեակին, ուրախ եմ զինք սուրբ հռչակելու Աստուածային ողորմութեան օրը։ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ միասին երախտապարտ ենք Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին, անոր անխոնջ աշխատանքին ի սպաս Եկեղեցւոյ պայծառութեան, հաւատացեալներու հոգեւոր առաջնորդութեան, ու Եկեղեցին ներմուծելու հաւատքի երրորդհազարամեակին ու սրբութեան տուած արտակարգ վկայութեան համար։
Հաւատքի, սիրոյ ու առաքելական քաջութեան վկայութեամբ` Լեհ ազգային օրինակելի զաւակը, խթանեց աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները չվախնալ բարձրաձայն հռչակելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը եւ հրապարակաւ խօսելու Աւետարանին մասին։ Մէկ խօսքվ օգնեց մեզի չվախնալ ճշմարտութենէն, որովհետեւ ճշմարտութիւնը ազատութեան երաշխիքն է։ Այդ պատճառաւ շնորհակալ եմ լեհ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ որ նման անձնաւորութիւն մը տուաւ մեզի, որուն շնորհիւ ամէնքս հարստացանք։
Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով.` կը հրաւիրեմ ամէնքդ խորապէս ապրիլ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետերու սրբադասման արարողութիւնը, ողջոյնս կ'ուղղեմ բոլոր Լեհերուն հաւատացեալ թէ ոչ։ Աստուած ամէնքդ օրհնէ։


Նոյնպէս` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի ծննդավայր` Իտալիոյ Պերկամօ մարզի բնակչութեան։
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց. ''գիտեմ որ շատ կը սիրէք Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը` ձեր քաղաքացին, Ինք եւս ձեզ շատ կը սիրէ ու շատ կապուած է ձեր հողին։ Ան ճանչցուած է որպէս ժպտադէմ ու ճշմարիտ հայր մը։ Անոր սրբադասումին առթիւ կը հրաւիրեմ ձեզ շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ որ նման սուրբ մը տուած է իր եկեղեցւոյ։ Ան բարենորոգեց եկեղեցին Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը կազմակերպելով։

Իր պատգամի աւարտին, հրատարկուած տեղական Էքօ Տի Պերկամօ պարբերաթերթի էջերուն մէջ, Սրբազան Հայրը խնդրեց որ աղօթեն նաեւ իրենց համար ու ապա բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.