2014-04-25 10:04:23

Հայրապետական Սուրբ Պատարագ Ապրիլեան նահատակաց Յիշատակին։


24 ապրիլ 2014, հինգշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի (Ժամհուր) ընդարձակ շրջաբակը վերածուած էր բացօթեայ եկեղեցիի ընդունելու համար 1915-ին օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած հայասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակին առջեւ խոնարհելու եկած խուռներամ ժողովուրդը: Շրջաբակի ճակատին կանգնեցուած սուրբ Խորանին դիմաց հաւաքուած էին լիբանանահայութեան բոլոր խաւերուն ու շրջանակներուն ներկայացուցիչները, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, լիբանանեան խորհրդարանի հայ եւ տարբեր համայնքներու անդամներ, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ղեկավար դէմքեր, պետական պաշտօնատարներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ, մամուլի աշխատակիցներ, հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտներ, հաւատացեալ հայորդիներ: Բոլորը եկած էին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ մատուցուած հոգեպարար սուրբ Պատարագով եւ աղօթքով վերահաստատելու Մեծ Եղեռնի Զոհերու յիշատակին ու սրբազան կտակին իրենց հաւատարմութիւնը եւ միաժամանակ վկայութիւնը տալու որ 1915-ի եղեռնագործութիւնը ոչ միայն չէ մոռցուած ու պիտի չմոռցուի, այլ Հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու վերականգնումին ի խնդիր պայքարի ջահը պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր զոհերուն արդար հատուցումը օսմանեան ցեղասպան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութեան կողմէ:
Սուրբ Պատարագին մասնակցող ժողովուրդը` ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ զինք շրջապատող հոգեւորականներու դասին հետ աղօթեց այս նպատակին համար: Օրուան խորհուրդին հետ համահունչ էր «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին երգեցողութիւնը դոկտոր Եդուարդ Թորիկեանի ղեկավարութեամբ:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, արտասանած իր քարոզին մէջ, Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան նկարագրեց հայ ժողովուրդին Խաչի Ճանապարհը որ իրեն պարտադրուեցաւ գազանաբարոյ օսմանցի թուրքերուն կողմէ, որոնք կոտորեցին, ջարդեցին, թալանեցին` որովհետեւ խաչապաշտ էին հայերը եւ որովհետեւ բոլոր մարզերէն ներս հնարաւոր չէր գերազանցել զիրենք ու անոնց քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած անոնց բնատուր ունակութիւնները: Քարոզախօս հայրը թրքական հայահալած սանցազերծումին նորագոյն դրուագը նկատեց Թուրքիոյ բացայայտ մեղսակցութեամբ կատարուած յարձակումը Քեսապի վրայ, որ շնորհիւ մեծանուն կարդինալ Աղաճանեանին մնացած էր ասպնջական Սուրիոյ սահմաններէն ներս: Հայր Ղազար անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին նշելով որ գազանաբարոյ թուրքը չկրցաւ իրագործել հայ ազգը բնաջնջելու եւ միայն մէկ հայ իբրեւ թանգարանի նմոյշ ողջ ձգելու իր ծրագիրը:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ներկաները հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջաբակը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին եւ հայ կաթողիկէ միութիւններու պատուիրակութիւններուն կողմէ` Կարդինալ Աղաճանեանին նախաձեռնութեամբ 1939-ին կանգնեցուած Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողին, եւ ապա` հոգեհանգսեան արարողութիւն: Ներկայ ժողովուրդը միաբերան աղօթեց ըսելով` «ո՛վ Տէր Աստուած, Ապրիլ 24 է այսօր: Սկիզբը` 1915-ի հայոց աքսորին, ջարդին ու բռնամահին, Հայաջինջ Ցեղասպանութեան, քրիստոնէատեաց հայասպանութեան: Ամբողջ էութիւնս համակուած է թէ՛ վիշտով եւ թէ՛ յոյսով: Վշտիս մէջ պարփակուած կը մնայ տեղահան ու կոտորեալ ազգս: Վիշտս յա՛ր այժմէական է ի տես կեղծիքին ու անարդարութեան: Իսկ յոյսիս մէջ կը կերտուի յարութեան փառքը իմ տոհմիս: Իսկ յոյսիս մէջ կը գոյանայ յաղթանակը հատուցումին: Իսկ յոյսիս մէջ կը ստեղծագործէ լոյսը սուտին ու փուտին դէմ»:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին խօսք առնելով, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յորդորեց Ապրիլեան Նահատակներու ժառանգորդներուն Նահատակներու սրբազան կտակին իրենց հաւատարմութիւնը արտայայտել ո՛չ միայն ծաղկեպսակներ զետեղելով անոնց յիշատակին նուիրուած կոթողներուն, այլ կառչելով իրենց ինքնութեան եւ այդ ինքնութիւնը բնորոշող հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքներուն:
Միեւնոյն օրը, առաւօտեան, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջաբակին մէջ կանգնեցուած Նահատակաց Յուշակոթողին առջեւէն տողանցեցին եւ անոր վրայ ծաղկեպսակներ զետեղեցին լիբանանահայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու` Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Մ.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի ներկայացուցչական խումբեր` իրենց շեփորախումբերուն առաջնորդութեամբ: Այս խումբերուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Աւետման Սբ. Կուսին Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ողջունեց լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` այն հաստատ համոզումով որ ան արժանաւոր ժառանգորդը պիտի ըլլայ իր նախնիներուն, կառչած պիտի մնայ իր ինքնութեան եւ հաւատարիմ` Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակին ու սրբազան Կտակին:
Լիբանանահայ երիտասարդութեան այս արդէն աւանդական տողանցքը Նահատակաց Յուշակոթողին առջեւէն, իրականացումն է 1939-ին Յուշակոթողի բացման արարողութեան ընթացքին մեծանուն Կարդինալի պատգամին.- «Դո՛ւք մանաւանդ երիտասարդներ, ժպիտն ու յոյսը Ազգին, - յարած էր երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքը - տողանցք պիտի կատարէք Կոթողի առջեւէն. կոթողացուցէ՛ք ձեր հոգիները ամէն մոլութեան, մոլորութեան, վհատութեան, ուծացումի դէմ, ուխտեցէ՛ք որ պիտի մնաք միշտ հաւատարիմ այն նուիրական գաղափարականներուն, որոնց համար մեր խնկելի նահատակները զոհուեցան, յերկրէ ի յերկինս պսակեցան: Մնալով հաւատարիմ քաղաքացիներ հիւրընկալ երկիրներու եւ հովանաւոր պետութիւններու, օրինակելի ձեր աշխատութեամբ, համերաշխութեամբ, փոխադարձ սիրով ու միութեամբ, բարձր պիտի պահէք դրօշակը քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենասիրական մաքուր հոգիի: Ա՛յս պիտի վերյիշեցնէ ու ներշնչէ՛ միշտ սոյն կանգնած Կոթողը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.