2014-04-25 11:33:00

Կարտինալ Թոռան կոչ կ'ուղղէ քրիստոնեաներուն եւ պուտտայականներուն ըլլալու հաշտարարներ։


''Քրիստոնեաները եւ պուտտայականները կանչուած են ըլլալու հաշտարարներ, կարող կործանելու բաժանումի պատերը ընկերութեան մէջ'', հաստատած է կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, իր պուտտայականներու Վեսախ` լոյսի տօնին առթիւ ուղած պատգամին մէջ։ ''Մեր յոյսն է, որ միջկրօնական երկխօսութիւնը ճանչնալով տիեզերական բարոյականի հիմնական սկզբունքները սատարէ ամրապնդելու մարդկային ընտանիքի բոլոր անհատներու միջեւ միութիւնն ու եղբայրակցութիւնը'' գրած է միշտ Կարտինալ Թոռան իր պատգամին մէջ։ Յայտնենք որ Վեսախի տօնը կը վերակոչէ Պուտտայի կեանքի կարեւոր հանգրուանները։ Կը յիշատակուի լուսնի տարւոյն 6-րդ ամիսը լիալուսինի օրը, արարողութիւններ ու թափօրներ կատարելով տաճարներու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.