2014-04-24 09:08:46

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Նահատակ Քոյրեր


1915, Ապրիլ 24...
Հայ Ժողովուրդի համար սովորական թուական մը չէ՛, ո՛չ ալ իրողութիւն մը պարզ, պատահար... Այդ թուականին ջարդուեցաւ մեծ ժողովուրդ մը, ինչպէս անխղճօրեն չեն ջարդիր ծառերն անգամ անտառի... Ժողովուրդ մը մորթուեցաւ, ինչպէս չի մորթուիր անասուններն անգամ սպանդանոցի եւ այդքան անսրտօրէն:

Դնենք յաւէտ խնկելի անունները Եղեռնի Նահատակ Քոյրերու կենսագրական թուականներով ու ծանօթ մանրամասնութիւններով Իրենց մահուան տարագրութեան...

ՔՈՅՐ ԳԱՄԻԼԼԱ ՓԻԼԻՊՈՍԵԱՆ
Բնիկ Եւդոկիացի. Ծնած 1856ին.
1916ի մայիսի կիսուն Մեծաւորուհի Քոյր Գամիլլան երեք Քոյրերով` ինկած էր չարագործ ոստիկաններու հսկողութեան տակ անպաշտպան եւ աննեցուկ: Հոն է, որ Քոյր Գամիլլան` իր ուխտակից Քոյրը` Քոյր Գանտիտան ազատելու համար անոր տեղ ձեռքն ինկած էր ջարդարարին, որ կ՛ուզէրառեւանգել երիտասարդագոյն Քոյրը: Նա պաշտպանութեան ուրիշ միջոց չունենալով` խոշոր քար մը կ՛առնէ եւ կը նետէ ոճրագործի ճակտին: Այդ անակնկալ հարուածէն վիրաւորուած, կը վազէ, դանակը ձեռքը` ծերունի Քոյր Գամելլայի վրայ եւ, հաւանաբար, այդ առթիւ` առաջին նահատակը եղած ըլլայ իր մայրենի եւ կուսակրօն նախանձախնդրութեան Եւդոկիոյ եւ Սեբաստիոյ մէջ:

ՔՈՅՐ ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՄՕՐՈՒՔԵԱՆ
Բնիկ Եւդոկիացի. Ծնած 1872ին. Իր վախճանը Քոյր Գանտիտայի փախուստի միջոցին եղած է: Մեծաւորուհիէն յետոյ երիցագոյնն էր Քոյրերու: Երբ Քոյր Գանտիտան ջարդարարի յարձակումէն խուճապի մատնուած` կ՛ապաստանի թաքստոցի մը մէջ, իրեն կը միանայ Քոյր Երանուհին, երկուսով կը դիմեն գիշերային փախուստի: Սակայն Քոյր Երանուհիին ուժերը զինքը կը լքեն: Սարէ սար, լեռնէ լեռ երկար ճամբայ կտրելէ յետոյ, ծարաւէ եւ յոգնութենէ ուժասպառ կը զգայ: Երիտասարդ Քոյրը ` Քոյր Գանտիտան կ՛ըսէ, որ լքէ զինքը Աստուծոյ ձեռքը եւ վայրկեան առաջ երթայ միանայ կիներու կարաւաններէ մեկուն: Հոս է, որ Քոյր Գանտիտան վերջին համբոյրով մը ճամփուն փռուած Քրոջ`Քոյր Երանուհիին հրաժեշտ կ՛առնէ եւ կը միանայ իրենց պէս տեղահան կիներու բազմութեան մէջ:

ՔՈՅՐ ԻՍԿՈՒՀԻ ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Բնիկ Բրքնիկցի. Ծնած (1872-1915). Զարգացած աննման Քոյր մը եղած է, որու ուսումնական մակարդակը, կենցաղով շնորհալի` աչքառու:
1915ի տեղահանութեան` տեսնելով աննկարագրելի նախատինքը` որու ենթարկուած էին ուղեկից մանկամարդ հայուհիներ, գրեթէ մերկ ու անպատսպար, իջած էր չոր գուբի մը մէջ` որպէս թաքստոց եւ ուր վախճանած էր:

ՔՈՅՐ ՌԱՄԵԼԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ծնած Խարբերդ (1884-1815) ՊեԼճիգա ուսանած մասնագէտ, ուշիմ Քոյրերէն էր, որ պահած էր իր մանկական անմեղութիւնը:

ՔՈՅՐ ՇՈՒՇԱՆ
Ծնած է Մալաթիա 1870ի 30 նոյեմբեր. Ան նախընտրած էր ուղեկից ըլլալ իր տեղահան ազգականներուն հետ եւ հոն մեռած, առանց որեւէ հետք մը թողլու իր նահատակութեան տեղին ու պարագաներուն: Սակայն Քոյր Շուշան անջնջելի յիշատակ թողած է իր մէկ բարեպաշտական գործին, որ քրիստոնէութեան առաջին դարերու արժանաւոր պատկեր` կրնայ նկատուիլ:
Աքսորական բազմութեան մը հետ եկեղեցւոյ առջեւեն անցնելով` կը յիշէ, որ հոն Սրբութիւնը Տապանակի մէջ կրնար սրբապիղծ ձեռքերու իյնալ: Ուստի` Յիսուսի վերջին այցելութիւն մը տալու նպատակով եւ սիրով կը մտնէ Եկեղեցի, բազմութիւնն ալ կը հետեւի իրեն: Չի համարձակիր դպչիլ Սուրբ Հաղորդութեան... Կը հրաւիրէ մանչուկ մը, զայն կը բարձեացնէ սեղանին վրայ եւ Տապանակը բանալ կու տայ, կը խնդրէ վերցնել Սուրբ Անօթը` մասնիկներով լեցուն: Կը թելադրէ տղուն` բաշխել զանոնք բոլոր ներկաներուն` իրմէ սկսելով: Այսպէս, մեծ պզտիկ գաղթականներ կը հաղորդուին անմեղ մանուկի մը ձեռքէն, առանց կասկածելու, թէ վերջին թոշակն էր, որ կ՛առնէին: Քոյր Շուշան իր ձեռքի տոպրակին մէջ կը զետեղէ դատարկ մասնատուփը եւ կը մեկնի իր կարաւանին հետ: Այդ գեղեցկ Շուշանը կը դառնայ վարդ մը Հայ Նահատակութեան բոսոր արիւնով, անծանոթ ու անթաղ բիւրաւորներու կարգին:

ՔՈՅՐ ՎԱՍԻԼՈՒՀԻ ԹՈՓԱԼԵԱՆ
Բնիկ Գաղատիացի. Ծնած (1852-1915) Մեծաւորուհին էր Խարբերդի Քոյրերու Հասարակութեան 1906ի օգոստոս 26էն ի վեր:


ՔՈՅՐ ՄԱՔՐՈՒՀԻ ԲԱՐՁԻԿԵԱՆ
Բնիկ Պարտիզակցի. Ծնած (1866-1915)


ՔՈՅՐ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնիկ Մարզուանցի. Ծնած (1885-1915)

ՔՈՅՐ ԱՆՆԱ ՄԵՂՄՈՒՆԻ
Բնիկ Մարզուանցի. Ծնած (1891-1915) Նա Խարբերդի չորս Քոյրերէն մէկն էր, որ ոստիկանի մը ձեռքով առեւանգուած է: Կ՛ըսուի, թէ Մալաթիոյ կողմերը սպաննուած ըլլայ, որու հետքը` հակառակ պրպտումներու, չգտնուեցաւ:

Տիգրանակերտի առաքելութեան կեդրոնը` առաքելավայրերու վերջիններէն եղած էր եւ Միաբանութեան տեղւոյն վիճակաւորին` Չելեպեան Անդրէաս Եպիսկոպոսի աջակցութեամբ բացուած էր: Հետեւաբար 1914ին հոն կը մնային չորս Քոյրեր, որոնք մեկնելով Կ.Պոլսէ 1910 ոգոստոսի 19ին, բացած ու կազմակերպած էին աղջկանց վարժարանը:
Այդ Քոյրերն էին.

ՔՈՅՐ ԷՄԻԼԻԱ ՊԱՊԵԱՆ
Բնիկ Կարնեցի. Ծնած (1862-1915)

ՔՈՅՐ ԳԼԵՄԱՆԴԻՆ ՔԷՕՅԼԵԱՆ
Բնիկ Մարզուանցի.Ծնած (1879-1915)

ՔՈՅՐ ՄԱԳԴԱՂԻՆԷ ԻՓԵԿԵԱՆ
Բնիկ Պոլսեցի. Ծնած է(1886-1915)

ՔՈՅՐ ԺԵՐՄԷՆ ԱՓՐԻԿԵԱՆ
Բնիկ Տիգրանակերտցի. Ծնած (1886-1915)

Երբ 1915ի գարնանը սկսած էր տեղահանութիւնը Տիգրանակերտի, կարգը եկած էր նաեւ մեր Եպիսկոպոսին: Թրքացած անձ մը կ՛առաջարկէ չորս Մայրապետներուն փոխել իրենց հագուստները ու մնալ իրենց մօտ, վստահեցնելով, թէ պիտի ազատեն տեղահանութենէ եւ ջարդէ: Սակայն մեր բարեկրօն Քոյրերը` Ք.Էմիլիա, Ք.Գլեմանդին, Ք.Մագդաղինէ, Ք. Ժերմէն կը մերժեն առաջարկը եւ կը նախընտրեն հետեւիլ միւսներուն: Անոնք անվրդով, վառուած մոմերով, իմաստուն կոյսերու նման ընդառաջ կ՛երթան Փեսային, Տիգրիսի աւազուտքի վրայ կը գտնեն իրենց Եպիսկոպոսը` թաղուած մինչեւ վիզը փոսի մէջ, դուրս թողլով նահատակ Եպիսկոպոսի աջ բազուկը` աջահամբոյրի հեգնանքով: Այդ տխուր տեսարանէն յարգանք ընծայելու առաջինները կ՛ըլլան մեր Քոյրերը: Երբ քարերու տարափի տակ կը ջախջախուէր գլուխը Եպիսկոպոսին, իրենք ալ քիչ անդին, դաշոյններու հարուածներուն տակ կ՛իյնային` նահատակութեամբ` կուտային վկայութիւնը իրենց հաւատարմութեան:
Մեծաւորուհի Քոյր Էմիլիան որպէս վերջին բաղձանք խնդրած էր` նախ կարճ ժամանակ մը ունենալ, որպէսզի Քոյրերը իրենց վերջին աղօթքը ընէին, զղջումի ներգործութիւն` մահուան պատրաստուելու: Ապա, սպաննել
միւս երիտասարդ Քոյրերը. որպէսզի իր մահը տեսնելով, հաւատքի մէջ չտկարանային, վերջը զինքը սպաննէին: Երրորդ բաղձանքն էր` ափ մը հող ցանել իրենց անշնչացած մարմիններու վրայ, ծածկելու իրենց մարմինները, համեստութիւնը նաեւ մահուան քունի մէջ: Ջարդարարները անոր բաղձանքը կատարած էին:

1916 Հոկտեմբեր... Տարագրեալներու մեծ կեդրոն մը բացուած էր Հալեպին մէջ, ուր կ՛աշխատեին մեր Հայ երեք Քոյրերը` Մեծաւորուհի Ք.Էլպիս, Ք.Գաթրին, Ք.Գլեր: Անոնց հէտ էր նաեւ Հայր Սահակ Քեշիշեան Վարդապետը, որոնք մէծ ու նուիրատու գործ ձեռնարկած էին:
Ո՞րն էր սա գործը...
Սահակ Քեշիշեան բնիկ Մարաշցի էր: Ջարդի շրջանին կը փոխադրուի Ալեքսանդրէտ որպէս Պատարագիչ եւ Հոգեւոր Հայր: Նա Թուրք-Ֆրանսական պատերազմի շրջանին նաեւ Ֆրանսական հիւանդանոցի եւ բանակի Պատարակիչ ու Հոգեւոր Հայր կ՛անուանւի: Հայր Սահակ նկարագրով կրակոտ էր, ազգասէր ու կրոնապաշտ: Սակայն նա իր սրտին ուներ խոր ցաւ մը... վրեժի ցաւ` թուրք գազանի դէմ... Սպաննուած էր երիտասարդ Բեռնարթին` իր քոյրը, որը միւս բիւրաւոր նահտակներու հէտ փոխադրուած էր երկինք` թողած 3-4 տարեկան տղա մը: Այդ փոքրիկը, որ մէջտեղ մնացած էր, անգիտակցաբար կը միանայ գաղթական խումբի մը եւ կիսամեռ կը հասնի Տէր Զօր, ապա` Հալէպ: Հոն կը գտնէ մորաքոյրը, որը տէր կ՛ըլլայ փոքրիկին:
Այս միջանկեալ դեպքը մէկ կողմ` Տէր Սահակ միշտ բանակի զօրքերու հետ է` շատ նուիրուած ու հաւատարիմ կը ծառայէ անոնց: Օր մը, յանկարծ, կը նշմարէ որ թրքական բանակէն մէկը նշան կ՛առնէ ֆրանսացի բանակի հրամանատարին` Հայր Սահակ իր զէնքը կ՛ուղղէ թուրքին եւ մէկ կապարով կը սպաննէ...
Զանազան միջոցներով ծպտուած, նոյնիսկ մեռելասնտուկով, Հայր Սահակ կը տարուի Քեսապ եւ ապա Հալէպ... Վճիռ տրուած էր »կախաղանի«:
Հայր Սահակ հանգիստ չէր կրնար մնալ, ուր կայարան կայ` հոն ներկայ էր ան` տէր ըլլալու գաղթականներուն... Ատեն մը , ապահովութեան համար, Թիլէլի դպրոցի Քոյրերու դռնապանին քովի խցիկի մէջ պառկած էր: Նա ամէն օր շոգեկառքի կայարան կ՛երթար` գաղթականները ընդըւնելու: Օր մըն ալ կը խնդրէ որ Քոյր Էլպիսը մէկ երկու Քոյր ղրկէ հէտը, որովհէտեւ երբեմն կանայք կայարան կը հասնին ցնցոտիներով, երբեմն կէս մերկ վիճակով: Այդ օրը Քոյր Էլպիս երկու Քոյրերու հէտ կ՛ընկերանայ Հայր Սահակի եւ այդ օրն է որ կը յայտնաբերէ Քոյր Գանտիտը:

Քոյր Գանտիտա Գույումճեան
Բնիկ Եւդոկիացի. Ծնած (1887-1916). Զմայլելի մասունք մը Անարատ Յղութեան Կոյսերու երկնահանդէս շարքերու մէջ:
1916 մայիսի կիսուն իր Մեծաւորուհի Քոյր Գամիլլան, ինչպէս վերը նշեցինք, երիտասարդագոյն Քրոջ` Քոյր Գանտիտայի եւ ուրիշ երկու Քոյրերու հետ ինկած էին չարագործ ոստիկաններու ձեռքը: Իր Մեծաւորուհիին խնդրանքով, հրաժեշտի համբոյր մը կուտայ գետին տապալուած Քոյր Գամիլլան ու կը միանայ տեղահան կիներու բազմութեանը: Նա լոկ գիշերանոց շապիկով, բոկոտն` կը շարունակէ տարագնացութեան երկար ճամբան առանց գիտնալու, թէ ո՞ւր կը տարուի: 1916 հոկտեմբեր ամսուան մէջ միայն կրնայ հասնիլ Հալէպ:
Ինչպէս միշտ, այդ օրն ալ Հայր Սահակ Քեշիշեանը մեր Քոյրու հէտ կայարան եկած էին` ազատելու աղետեալները, երբ կը լսեն իրենց ծանօթ ձայն մը,որ կը կանչէ.
»Քոյր Էլպիս,Քոյր Գաթրին, Քոյր Գլէր, հոս եկէ՛ք, ազատեցեք զիս«: Քոյր Գանտիտայի ձայնն էր: Նա բոլորովին այլակերպուած էր, գլուխը ուռած եւ արիւնլուայ, կեղտոտ շորով մը ծածկուած, մորթը փայտի կոճղի նման կարծրացած ու գորշ գոյն առած, ոտքերը քուրջերով փաթթուած, կեցած էր պատուհանի մը առջեւ եւ լալագին կը պոռար: Միայն քիթը արծուառունգ ցցուած կ՛երեւէր դեմքէն եւ կրնար յիշեցնել զինքը: Երկու Քոյրերը, որ բնիկ Հալէպցի էին, ի վերջոյ կը նշմարեն, թէ ուրկից կուգար ծանօթ ձայնը: Վար կառնին տարաբախտ Քոյր Գանտիտան, կը ծածկեն իրենցմէ մէկուն վերարկուով եւ կողկողագին հեծեծանքով կը տանին: Ոստիկան մը, որ հետեւած էր այդ յուզիչ տեսարանին, երբ կ՛իմանայ իրողութիւնը, չի կրնար զսպել զայրոյթը, անէծք է, որ կը թափէ պատճառ եղողներու գլխուն: Քոյր Գանտիտան անմիջական խնամք ու գուրգուրանք կը ստանայ ուխտակից Քոյրերու կողմէ, մանաւանդ Մեծաւորուհի Մայր Էլպիս Կապրաշեանէ: Քոյր Գանտիտան թէեւ կը ստանայ նախկին դիմագիծն ու շնորհքը, բայց շուտով կը կրճատուի երիտասարդական տարիքը, տանելով ներքին վախի եւ զրկանքներու հետեւանքի: Քոյր Գանտիտան 1937ի Յուլիսի 31ին կ՛երթայ երկինք` գտնելու իրեն ուղեկից նահատակ Քոյրերը:

Յիշատակենք նաեւ մեր եկեղեցւոյ անմոռանալի եւ սիրելի նահատակ Մալոյեան Գերապայծառը, մէկը Զմմառեան Կաթողիկոսական Միաբանութեան նահատակներու հոյլէն:
Աղօթենք նահատակ միաբաններու, որպէսզի անոնց արեան կաթիլներն ըլլան սուրբ, անպայմանաւոր նուիրումով միաբաններու:


»Մարդը Սուրբ չի ծնիր, այլ կը սրբանայ«: Այս ճշմարտութեան ապացոյցն անգամ մը եւս կը տրուի Գերապայծառ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանէ, որ ծնած է Մարտին քաղաքին մէջ 15 Ապրիլ 1869ին:
11 Յունիս 1915ին իր խոստովանութեան վերջին խօսքերը կ՛ըլլան. »Կ՛ապրիմ եւ կը մեռնիմ Կրօնիս համար, որ ճշմարիտ է, եւ հպարտ եմ իմ Փրկչիս Խաչով«:
46 տարեկան էր նահատակը, Հայոց ցեղասպանութեան վկան, որ փամփուշտով զարնուած` գետին կ՛իյնայ` իր արեան մէջ կը մկրտուի... Յաւերժութեան համար:
Մալոյեանին եւ իր նահատակիցներուն կը ձայնակցինք, կը խնդակցինք յարգանքով` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին սիրտն ու խօսքը փոխ առնելով.
»Նահատակ պանծալիք եւ սիրեցեալք ի յերկնաւոր Հօրէն,
Որք մկրտեցայք ընդ Քրիստոսի արեամբ ձերով ի մահ խաչին,
Բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց Եկեղեցւոյ»:
Ուստի` չդադրինք պահանջելէ մեր իրաւունքները: Շարունակենք մեր աշխատանքները մինչեւ այն օրը, երբ ամբողջ աշխարհը ի վերջոյ ընդունի ու ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ա՛յո, թէեւ մենք` հայերս հրաշքներ գործեցինք եւ ձեռք ձգեցինք անկախացած մեր երկիրը, սակայն եւ այնպէս չի նշանակեր, թէ հասանք մեր ամէն իրաւունքներուն, քանի տակաւին, Տէր էլ Զօրի անապատին մէջ հանգչող նահատակներու ոսկորները կը սպասեն ամբողջական ու վերջնական արդարութեան արեւածագին:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին սահմանումը կիրարկելով` կը հաստատենք, թէ Մալոյեանը, մեր Նահատակ Քոյրերը եւ իրենց մատիրոսակիցները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցէղասպանութեան Ապրիլեան վկաները պատմութեան դիմաց կը հանդիսանան.
»Նահատակք կենդանիք,
Սիրողք Քրիստոսի,
Որ չարչարեցայք մարմնով
Վասն Անուանն Տեառն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.