2014-04-23 09:50:56

Նախագահ Օպաման եւ Նախագահ Հոլլանտ յարգանք պիտի մատուցեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ ծանրակշիռ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ, յայտարարած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, 21 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ «Առաջին Աշխարհամարտ. դաշնակիցներ, անհատներ, կոտորածներ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման արարողութեան ընթացքին:
Անոր համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին եւ նախագահ Պարաք Օպաման քաջատեղեակ են 1915-ի իրադարձութիւններէն: «Նախագահին յայտարարութիւնը խիստ ծանրակշիռ պիտի ըլլայ, պիտի ճանչցուի 1.5 միլիոն հայերու կոտորածին փաստը, բայց ես չեմ կրնար անոր փոխարէն ըսել, թէ ճիշդ ի՛նչ բառեր պիտի օգտագործուին», յայտնած է դեսպանը:

Միւս կողմէն Ֆրանսայի նախագահին գրասենեակը հաստատած է թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ներկայ պիտի գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան 99 ամեակին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24 ապրիլի երեկոյեան, Փարիզի Քանատա հրապարակին վրայ` Կոմիտասի արձանին առջեւ:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, որ «հանրապետութեան նախագահին միջոցով յարգանք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Ասիկա նշանակալի իրադարձութիւն է, զոր պէտք է գնահատել ըստ արժանւոյն` նկատի ունենալով Ֆրանսայի միջազգային հեղինակութիւնը», նշած է խորհուրդը:








All the contents on this site are copyrighted ©.