2014-04-23 10:45:26

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ
Իյնալու վախը ....


Տօնական օրերու ընթացքին եւ կամ կրկէսներու մէջ, յատկապէս մանուկները զուարճացնելու եւ անոնց մանկական միտքը ապշեցնելու համար վարպետ լարախաղացներ կը վարձուին:
Երկու սիւներու միջեւ ամրացրուած մետաղեայ ամուր լարին վրայէն հաւասարակշռուած մարմինով ու չափուած քայլերով յառաջացող լարախաղացը, իր այդ հանդիսութիւնը կազմակերպելու համար վստահաբար շա՜տ ջանք ու ճիգ ի գործ դրած կ՛ըլլայ: Այլապէս, ժողովրդային բազմութեան դիմաց ելոյթ ունեցած միջոցին լարին վրայէն վար իյնալը մեծ արատ պիտի բերէ իր վաստակին եւ այդ յատուկ յայտագիրը կազմակերպողներու անունին:
Լարախաղացներու հիմնական գործը կեդրոնացումն է, որովհետեւ եթէ ուշադրութիւնը ցրուի եւ ներկաներու ծափողջոյններուն ու քաջալերական խօսքերուն ականջ տայ, կրնայ կորսնցնել իր հաւասարակշռութիւնը ու վար իյնալ:
Տեսնուած է որ նոյնիսկ լարախաղացին հանդիսատեսները լուռ կը մնան, ու իրենց աչքերը անքթիթ կը պահեն անոր վրայ եւ միայն վտանգաւոր շարժումներ ընելու պարագային սոսկումի բացագանչութիւններ կ՛արտաբերեն իրենց սիրտի խորերէն, իսկ երբ ապահով հասնի լարին միւս կողմը, ծափերով իրենց գնահատանքը կը յայտնեն՝ «անկարելի»ն յաջողցուցած ըլլալուն համար: Ամէնէն ցաւալի պարագան անոր վար իյնալն է, նոյնիսկ եթէ մասնաւոր բազմոցներ կամ յատուկ սպունգներ դրուած ըլլան յատակին, ճիշդ այդ հաւանական անկումին համար: Սակայն միշտ ցաւ է լարախաղացին համար որ նպատակին չկրցաւ հասնիլ եւ ճամբու կիսուն վերջ գտաւ իր «խաղ»ը:
Ո՛չ ոք այնպէս կարծէ, թէ՝ վարպետ լարախաղացը չ՛իյնար, այնպէս ինչպէս ոմանք կը խորհին թէ վարպետ լուղորդը ամէնէն հսկայ ալիքներն ալ կը յաղթահարէ: Ո՛չ, սխալ է այդ կարծիքը: Աշխարհի ամէնէն վարպետ թէ՛ լարախաղացը եւ թէ լուղորդն ալ կրնան իյնալ կամ խեղդուիլ: Անոնք մինչեւ իրենց վարպետ դառնալը շատ ինկած ու ելած են, իսկ վարպետ լուղորդներ շատ անգամ հազիւ անցուցած են խեղդուելու վտանգը:
Յիշեալ օրինակները, երկու պարագաներուն ալ, կը հաստատեն, թէ աշխարհի մէջ չկայ կատարեալ լարախաղաց, ո՛չ ալ կատարեալ լուղորդ:
Ընկերային կեանքը բնաւ տարբեր պատկեր չի՛ ներկայացներ, քան՝ լարախաղացին դրութիւնը, որ միշտ իյնալու վտանգին դիմաց կը գտնուի:
Փոխաբերական իմաստով իմացուած լարախաղացներով լեցուն է մարդկային ընկերութիւնը: Անոնք այնպէս կը խորհին, թէ վար իյնալու մնայուն վախը, որ իրենց սրտին մէջ կը պահեն, ուրիշներու համար անծանօթ է. սակայն, այդպէս չէ նոյնիսկ եթէ անոնք ժպիտներով ու դէմքի ծամածռութիւններով փորձեն հանդիսատեսին ուշադրութիւնը շեղել այդ կէտէն:
Լարախաղացներու կը նմանին նաեւ դէմքիդ ժպտացող ու քեզ հետ ընկերութիւն ընող, սակայն միեւնոյն ժամանակ թշնամիիդ բարեկամ ու անոր ընկերացող անձերը: Այսօր շատ դիւրին է ո՛չ միայն ճանչնալ անձերը իրենց անուններով ու մականուններով, տարիքով ու յաճախած դպրոցներով, ունեցած վկայականներով կամ ներկայի գործի զբաղումով, բայց նաեւ այլ մանրամասնութիւններով, հաղորդակցութեանց զանազան միջոցներու շնորհիւ: Յիշեալ բոլոր տեղեկութիւններուն պարագային մարդ կրնայ ստել: Օրինակ, կրնայ իր իսկական անունը պահելով, կեղծանուն մը օգտագործել: Կամ՝ կրնայ իր լուսանկարը զետեղելու փոխարէն գեղադէմ անձի մը լուսանկարը օգտագործել: Սակայն, ինչ ալ ընէ, ինչպէս ալ ընէ, տուեալ անհատը չի՛ կրնար չներկայացնել իր նախասիրութիւնները, որոնց ճամբով արդէն ընթեռնելի կը դառնան իր նկարագրային որոշ գիծերը:
Լարախաղացներու պարագային, իրենց ձեռքի փայտի միջոցաւ կը յաջողուի այդ հաւասարակշռութիւնը պահել: Սակայն իյնալու վախը միշտ կայ անոնց սիրտին մէջ: Մինչդեռ ընկերային կեանքի լարախաղացները կը կարծեն թէ մարդ չի՛ տեսներ իրենց «պար»ը:
Պէտք չէ՛ մոռնալ նաեւ, որ ամէնէն ճկուն լարախաղացներն ալ, հանդիսատեսներուն մէջ գտնուող մանուկներուն ճչոցներէն կրնան շփոթիլ ու խայտառակուիլ վար իյնալով:
Արդ՝ մի անտեսեր ոչ մէկը, նոյնիսկ ամէնէն փոքրիկն ու տկարը, որոնք կրնան իյնալուդ պատճառ դառնալ...








All the contents on this site are copyrighted ©.