2014-04-23 10:30:50

Կարտինալ Փարոլին կը յայտնէ թէ ''Ամէն անգամ որ խաղաղութիւնը վտանգուած է Քահանայապետը պիտի միջամտէ''։


''Քահանայապետը իր հեղինակութեամբ պիտի միջամտէ, ամէն անգամ որ խաղաղութիւնը վտանգուած է''` հաստատեց Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինը ''Խաղաղութեան Քահանայաետեր` Ռոնքալլի եւ Վոյթիլա քահանայապետներու ժառանգութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին'', վերտառութեամբ գիրքին մէջ հրատարակուած հացազրոյցի ընթացքին։
Կարտինալը մատնանշած է թէ ''Ֆրանչիսկոս պիտի միջամտէ ցոյց տալով պատերազմներու եւ բռնութիւններու պատճառները։Այս պիտի ընէ վկայելով խաղաղութեան նկատմամբ իր սէրը ու նաեւ իր անձնական ներկայութեամբ հակամարտութիւններու դաշտին վրայ։''
Անդրադառնալով ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Երկիր կատարելիք ուխտագնացութեան, Վատիկանի Պետքարտուղարը դիտել կու տայ թէ ամէն քահանայապետ որ Սուրբ Երկիրը կ՛այցելէ զայն կ՛ընէ որպէս ''Խաղաղութեան ուխտաւոր'', յոյս յայտնելով որ Քահանայապետի յառաջիկայ ճամբորդութիւնը խաղաղութեան ի նպաստ քայլ մը յառաջացնէ։
Կարտինալ Փարոլին անդրադառնալով հուսկ ՄԱԿ-ի մասին կը հաստատէ թէ միջազգայն կազմակերպութիւնը վերանորոգումի կը կարօտի, ի տես աշխարհի եւ ընկերութեան յեղաշրջումներուն։ ''Զօրեղ եւ ժողովրդավար ՄԱԿ մը բոլորին համար օրհնութիւն մը կրնայ հանդիսանալ'' հաստատած է Կարտինալ Փարոլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.