2014-04-22 10:30:26

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԵՐ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ». Դէպի լոյսի եւ յոյսի հայրենիքը վերադառնալու երազանքով


Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի կազմակերպութեամբ՝ «Վերադարձ Մեր Արմատներուն» ձեռնարկը, բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկիս Պատրիարքին:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնա Թիթիզեան Կէտիքեան, որ ըսաւ. «Մեզի համար մեր գերագոյն սէրը մեր հայրենիքն է, հայրենիք՝ որ ամէն բանէ վեր է»: Ան նշեց, թէ «մենք երեւակայական հայրենիք մը գիտենք մեր երգերուն եւ դաստիարակութեան ընդմէջէն, մեր պապերը մեր կեանքը լեցուցած են հայրենի հողին կարօտով: Բայց հայրենիքին հողին հետ առնչուած ըլլալու համար պէտք է շօշափելի կապ հաստատել այդ հողատարածքին եւ հոն ապրող ժողովուրդին հետ»: Տիկ. Կէտիքեան հրաւէր ուղղեց սթափելու եւ մեր հայեացքը իսկապէս դարձնելու դէպի հայրենիք, որպէսզի վերադառնանք դէպի արմատներ:
Յայտագրին առաջին բաժնով, 6 աշակերտներ եւ ուսուցչուհի մը բեմականացուցին հայերէն լեզուի դասապահի տեսարանը: Ուսուցչուհին իր աշակերտներուն կը խօսէր հայրենիքի ու հայկական հարցին մասին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան նախօրեակին: Աշակերտները տարակարծիք էին անցեալի դէպքերը մոռնալու թէ այսքան երկար տարիներ յիշելու, անոնցմէ ձերբազատուելու թէ անոնց կառչած մնալու, ինչպէս նաեւ թուրքին երկարած բարեկամութեան ձեռքը ընդունելու թէ մերժելու գաղափարներուն շուրջ: Աշակերտներուն կարծիքները անկեղծ արտացոլացումն էր այսօրուան սերունդին ունեցած մտորումներուն, որուն կատարողութիւնը գնահատելի ձեւով կատարեցին անոնք:
Տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն: Ներկայացուեցաւ վարժարանիս թատերախումբին անցեալ տարի Հայաստան կատարած այցելութենէն դրուագներ՝ անոնց տպաւորութիւնները, հայրենիքի հողին ու ջուրին հետ շփում ունենալու հպարտութիւնը, Արարատը տեսած ըլլալու բերկրանքը, հայկական գեղատեսիլ վայրերը վայելած ըլլալու անբացատրելի զգացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բեմին վրայ «Հայ Ենք Մենք» թատերախաղը ներկայացուցած ըլլալու պատուաբեր առիթին մասին պատմելը: Այս բոլորը, աշակերտներուն տեսանկիւնէն իսկ դիտուած վերադարձ մըն է մեր արմատներուն, պատկեր մը՝ որուն այնքան տպաւորիչ եւ ազդեցիկ արտայայտութիւնն էր այս տեսաերիզին պատրաստութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն, նոյն համալսարանի դասախօս, խմբագիր եւ բանասէր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Բանախօսը նշեց, թէ «վերադարձ դէպի արմատները խօսքը քիչ մը խորթ կը թուի այն առումով, որ վերադարձ կը նշանակէ, թէ մենք հեռացած ենք եւ կը ձգտինք վերադառնալու, բայց ինչպէ՞ս կրնայ մարդ հեռացած ըլլալ իր ներքինէն»: Դոկտ. Տագէսեան վստահեցուց, թէ «մենք մեր արմատներուն վերադարձի խնդիր չունինք, որովհետեւ մեր անցեալը մեր նեքինն է, բայց երբեմն մեր ներքինին հետ հաղորդակցութիւնը այնքան կը նուազի, որ կը թուի թէ անջատուած ենք անկէ, բայց երբ չենք հեռացած անկէ, ուրեմն խնդիր չկայ»: Ան եզրափակեց ըսելով, թէ «մենք պարտինք ոչ թէ վերադարձ կատարել դէպի մեր արմատները, այլ՝ յառաջ ընթանալ դէպի մեր արմատները, վերակենսաւորել դարերէն մեզի աւանդուած հինը նորով ջրդեղելու եւ հայ ժողովուրդին պայծառ յաւերժականութիւնը այդպէս երաշխաւորելու մեր անմահական խնձորը: Այդպէս մենք 21-րդ դար փոխադրած կ’ըլլանք մեր էութիւնը թէ՛ իբրեւ ամբողջական մարդ, թէ՛ իբրեւ ժամանակակից հայ եւ անշուշտ թէ իբրեւ երազներ սնուցանող, երազներով ապրող հայ ժողովուրդ»:
Վարժարանիս երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ երեք երգերով՝ «Տէր Ողորմիա», «Կիլիկիա» եւ «Քայլենք Միասին», երգի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնիկ Բամպուքեանի եւ 11-րդ դասարանի աշակերտ՝ Կարօ Նագգաշեանի ընկերակցութեամբ:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Տագէսեանին, յայտագրի մաս կազմող ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտութեան, եւ բեմադրիչ՝ Պրն. Յովիկ Յակոբեանին: Տիկ. Պոյաճեան ըսաւ, թէ «ճիշդ է, որ մեր այսօրուան ձեռնարկը կը կոչուի «Վերադարձ Մեր Արմատներուն», սակայն մենք բոլորս ալ ամուր կերպով կառչած ենք մեր հայկական արմատներուն, վկայ`հայրենիքին հանդէպ մեր անհուն սէրը, վկայ`մեր պատմութեան ու մշակոյթին հանդէպ մեր անմնացորդ նուիրումը, վկայ` սփիւռքի մէջ գոյատեւող մեր կրթական օճախները, վկայ` հայերէն խօսող մեր աշակերտները, վկայ` մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հանդէպ մեր յարգանքը եւ մեր բռնագրաւեալ հողերուն հանդէպ մեր անզիջող պահանջատիրութիւնը»:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ «Պահպանիչ»ով եւ Տէրունական աղօթքով:







All the contents on this site are copyrighted ©.