2014-04-19 10:25:22

Սուրբ Զատկուայ ճրագալոյցի պատարագը Ս. Պետրոսի մէջ։


Շաբաթ, 19 ապրիլին, Քրիստոսի Յարութեան ճրագալոյցն է, երեկոյեան ժամը 8,30 ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, տեղի կ՛ուենայ ճրագալոյցի պատարագը, որ կը սկսի կրակավառութեամբ եւ ապա լուսաւորուած մոմերով թափօր մը կը կազմուի եւ դպիրներն ու հաւատացեալները կ՛ուղղուին դէպի Ս. Պետրոսի աւագ խորանը, ուր Նորին Սրբութիւնը, ըստ աւանդութեան, մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ 10 անհատներու, որոնցմէ 5ը իտալիայէն իսկ միւս հինգը Պիելորուսիայէն, Սենեկալէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն եւ Վիեթնամէն։
Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը գլխաւորէ համապատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ՝ կարտինալական դասին։
Իսկ վաղը` կիրակի, 20 ապրիլին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնն է, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,15-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի զոհը, ապա կէսօրին` Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն, կ՛արտասանէ Զատկական պատգամը եւ Հռոմ քաղաքի ու երկարգունդին կ՛ուղղէ ''Ուրպի Էդ Օրպի'' օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.