2014-04-18 17:41:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Զատկուայ 150 հաւկիթ նուիրեց ''Մանուկ Յիսուս'' հիւանդանոցին։


Սուրբ Զատկուայ առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 150 կոլոհատի հաւկիթներ նուիրած է ''Մանուկ Յիսուս'' հիւանդանոցի հիւանդ երախաներուն։ Յայտնենք թէ Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցը 1924-էն ի վեր Սուրբ Աթոռի սեփականութիւն է եւ ճանչցուած է որպէս ''Քահանայապետի հիւանդնանոց''։
Անցեալ 21 դեկտեմբեր 2013-ին` Սուրբ Ծննդեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իր նախորդներուն նման, այցելած էր հիւանդանոցը եւ հանդիպում ունեցած էր այնտեղ խնամուած մանուկներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։
Այս նուէրով Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց մանուկներուն նուիրել առաւել ժպիտ մը Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.