2014-04-18 10:17:54

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Հայրապետական Գիր Օրհնութիւնը


Գերապատիւ Հայր Միքայէլ Վարդապետ Պասալէ
Ժողովրդապետ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Մարկոս Ժողովրդապետութեան
Գերապատիւ Հայր Միքայէլ,
Ուրախութեամբ տեղեկացանք Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմին՝ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Մարկոս Ժողովրդապետութեան հիմնարկութեան 90 ամեակին լուրին։ Վստահ ենք որ արդար տօնախմբութեան այս պատեհութիւնը միաժամանակ առիթ մըն է յետադարձ ակնարկով մը գնահատականը կատարելու անցնող իննը տասնամեակներուն ընթացքին կատարուած աշխատանքին եւ մեծարելու այդ աշխատանքին իրերայաջորդ հովիւները, որոնց արժանաւոր ժառանգորդն էք այսօր:
Քաջատեղեակ ենք այն դժուարութիւններուն զորս այս օրերուն մեր հեռաւոր գաղութններուն մէջ գործող ժողովրդապետութիւնները կը դիմագրաւեն իրենց առաքելութեան ճանապարհին վրայ: Գիտենք նաեւ թէ մերօրեայ հոգեւորականը իր հոգեւոր առաքելութեան կողքին ունի նաեւ ազգային ու մշակութային առաքելութիւն մը ի խնդիր հայապահպանութեան, որ կ՚ենթադրէ բազմածաւալ գործունէութիւն՝ որ կը պահանջէ աջակցութիւնը ձեր եռանդուն հաւատացեալներուն։
Գերապատիւ Վարդապետ,
Վստահ ենք որ անցնող 90 տարիներու փորձառութենէն մեկնելով, Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Թեմի շրջահայեաց եւ ժրաջան Առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի իմաստուն խորհուրդներով, ինչպէս նաեւ ազնուասիրտ աշխարհականներու գործակցութեամբ, յարաճուն նուիրումով եւ հեռատես ծրագրաւորումով յաջողութեամբ պիտի թեւակակոխէք գալիք տարիները, շարունակելով ձեր հայեացքը Տիրոջ վրայ ուղղուած պահել, զօրանալու համար անոր շնորհքներով, որոնք հաւատք, յոյս, կամքի ուժ եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն Աստուծոյ ծառայութեան նուիրեալներուն։
Սիրելի Վարդապետ,
Ձեր ժողովրդապետութեան 90 ամեակի բերկրալի առիթով, Մեր բարեմաղթանքներուն կը միացնենք Մեր Հայրապետական Օրհնութիւնը եւ աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի իր հովանաւորութիւնը անպակաս ընէ անձնապէս ձեր, ինչպէս նաեւ ձեր ժողովրդապետութեան եւ անոր շուրջ համախմբուած հաւատացեալ հասարակութեան վրայէն։
Հայրապետական օրհնութեամբ՝

† Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ ի կաթողիկոսական Աթոռոյս որ ի Զմմառ
Յեօթնետասաներորդում աւուր յամսեանն Ապրիլի յամի Տեառն 2014-ի
Ի հնգետասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ







All the contents on this site are copyrighted ©.