2014-04-17 10:35:07

Նուր Ալ Շարք արբանեակային կայանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ծրագիրը


Օրհնութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ընտանիքը այսու կը տեղեկացնէ, որ այս տարուան յունիս 8-ին սկիզբ պիտի առնէ «Թելելիւմիէր Նուրսաթ» հաստատութեան նորաստեղծ Նուր Ալ Շարք (نور الشرق) արբանեակային կայանը, եւ այդ կայանէն պիտի սկսի սփռուիլ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան պատկերասփիւռի «Լոյս Զուարթ» վերնագրով յայտագիրը։
Երկու ժամ տեւողութեամբ վերոյիշեալ յայտագիրը, պիտի ունենայ իր հոգեւոր, ազգային, մշակութային, ընկերային եւ կրթական բաժինի կողքին լուրերու բաժին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին հայ կաթողիկէ հասարակութիւններուն եւ կառոյցներուն նորութիւնները, ձեռնարկներն ու լուրերը:
Պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակը կոչ ուղղած է որպէսզի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական հաստատութիւնները որոնք կը փափքաին իրենց գործունէութիններուն մասին լայն հանրութիւնը իրազեկ դարձնել իրենց ձեռնարկներուն մասին, կարելի եղածին չափ շուտ, գրաւոր կամ բերանացի տեղեկատուութիւն հաղորդել պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակին. (հեռաձայն` 01 570 555/6/7/9, ֆաքս 01 570 558)։ Ինչպէս նաեւ հաղորդուած նորութիւններուն մասին ուղարկել լուսանկարներ եւ վիտէօ նիւթեր: Այս նիւթերը կարելի է ուղարկել CD-ի վրայ՝ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոն եւ կամ ուղարկել հասցէին:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակը կը հաղորդէ նաեւ թէ գրաւոր եւ տեսողական նիւթերու համադրումներով յայտագրի լրատուական բաժինով կարելի պիտի ըլլայ ներկայացնել ձեռնարկներուն մասին տեղեկատուութիւնը` հաղորդումներուն ընթացքին, որոնք հասու պիտի ըլլան բազմաթիւ երկիրներու մէջ գտնուող հաւատացեալներուն ու հանդիսատեսներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.