Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վաւերացուցած է Երանելիներու բաեխօսութեամբ կատարուած հրաշքները
Երեքշաբթի, 15 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Սուրբերու
դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու,
հրաշքներու հայող հետեւեալ հրամանագիրերը։
- Երանելի Լուտովիքօ Քազորիայ-ի բարեխօսութեամբ
կատարուած հրաշքը։ Ան ծնած է Իտալիոյ Քազորիա քաղաքը, 11 մարտ 1814-ին, եւ վախճանած
է 30 մարտ 1885-ին։ Հիմնած է մայրապետներու՝ Ֆրանչիսկեան ''Էլիզապպէթթինէ'' կոչուած
միաբանութիւնը
Կուսակրօն քահանայ եւ անդամ ՝ Սուրբ Ֆրանչիկսոսի 3-րդ կարգի միաբանութեան։
Ան ծնած է Իտալիոյ Սալուտէչիոյ քաղաքը 1226-ին եւ վախճանած է 1292-ին։ Հիմնած
է ''աղքատ ուխտաւորներ '' կոչուած ծերանոցը։
Նորին Սրբութիւնը, վաւերացուց
նաեւ Աստուծոյ Ծառայ՝ Ալանօ Մարիա Կույնոթ Տէ Պուասմէնու եւ Աստուծոյ Ծառայ Կուլեէլմօ
Ժանոշէքի հեռոսական առաքինութիւնները։