2014-04-16 11:48:07

Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարութիւնը կը դատապարտէ քրիստոնեաներու դէմ ցուցաբերուած ատելութիւնը։


Համամիութենական աղօթք` ժամանակակից քրիստոնեայ մարտիրոսներուն համար

Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարութիւնը դատապարտած է քրիստոնեաներու ու կղերականներու դէմ ցուցաբերուած ատելութիւնը։
Երկրագունդի բազմաթիւ վայրերու մէջ, բազմաթիւ քրիստոնեայ կղերականներ ու հաւատացեալներ զոհ են ատելութեան։
Երեքշաբթի, ապրիլ 15-ի յետմիջօրէին, Հռոմի ''Թրասթեվերէի Տիրամօր'' պազիլիքայի մէջ, Վատիկանի Պետական քարտուղարը` կարտինալ Փարոլինը, գլխաւորեց ժամանակակից մարտիրոսներուն համար կազմակերպուած աղօթքի երեկոն եւ ոգեկոչեց բոլոր անոնք որ մերժեցին գլուխ ծրել 20-րդ դարու ընթացքին կռապաշտութեան դիմաց որոնց շարքին համայնավարութիւնն ու նացիականութիւնը։
''Այսօր եւս, զանազան վայրերու մէջ, շատ մը հաւատացեալներ հալածուած են պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ են։ Նոր մարտիրոսները իրենց հաւատքի վկայութեամբ ցոյց տուին որ սէրը աւելի հզօր է մահէն։Շատ մը վայրերու մէջ ''քրիստոնեայ'' անունը պատճառ կը դառնայ ատելութեան, որովհետեւ այդ անունը կը ոգեկոչէ խաղասիրութիւնը, խոնարհութիւնը, ինչպէս է պարագան կամաւորներուն, աշխարհական թէ կղերական''։
Նշենք թէ տարեկան աղօթքի այս արարողութիւնը կազմակերպուած է Սանդէճիտիոյ հասրակութեան նախաձեռնութեամբ։ Մինչ Կարտինալ Փարոլին կը նախագահէր աշխարհի նոր մարտիրոսներուն նուիրուած այս արարողութիւնը, ցաւով կը հասնի նաեւ աշակերտ մանուկի մը մահուան լուրը, Դամասկոսի քրիստոնեայ թաղամասի մը մէջ, թիրախ ահաբեկիչներու ռմբակոծումին եւ որուն հետեւանքով տասնեակ դեռատի այլ աշակերտներ վիրաւորուեցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.