2014-04-16 09:42:58

Պոլսոյ մէջ ընտրութեան արդիւնքներուն կեղծումին դէմ ցոյցի ընթացքին ցուցարարներ-ոստիկանութիւն բախում։


Թրքական ոստիկանութիւնը Պոլսոյ շարք մը թաղամասերուն մէջ բախում ունեցաւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համակիրներուն հետ, երբ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեանց արդիւնքի կեղծումին դէմ բողոքող ցուցարարները փորձեցին ուղղուիլ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնատեղին:
Ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն ճամբան փակեց եւ զանոնք ցրուելու համար ջրաշիթ մեքենաներ ու արցունքաբեր կազ օգտագործեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.