2014-04-16 09:22:42

«Ճինիշեան» հաստատութեան եւ Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնին նախաձեռնութեամբ. տարեց մամիկներու ու պապիկներու Ս. Զատկուան հաւաք


Երեքշաբթի, 15 ապրիլին, իւրայատուկ մթնոլորտ մը կը տիրէր Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնին մէջ: Հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ միացեալ նախաձեռնութեամբ «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ նշեալ կեդրոնին, շրջանին մէջ բնակող տարեց մամիկներն ու պապիկները համախմբուած էին միեւնոյն յարկին տակ` միասնաբար նշելու համար Ս. Զատիկը:
Միացեալ հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ նշեց, որ «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնի այդ հաւաքը Աւագ շաբթուան ընթացքին մեր մէջ կ՛արթնցնէ քրիստոնէական կարեւորագոյն արժանիքներէն մէկը, որ եղբայրսիրութիւնն է:
Տոքթ. Եափուճեան յայտնեց, որ ներկայ դժնդակ օրերուն, երբ քրիստոնեաներու միակ ապաստան երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ կը մնայ Լիբանանը, օրէ օր կը քայքայուի Սուրիոյ հարիւրամեայ գաղութը, կը քանդուին մեր եկեղեցիներն ու հաստատութիւնները եւ հայ ընտանիքը պանդխտութեան ցուպը ձեռքին կ՛ուղղուի օտարութեան: «Սիրենք մեր տեղահանուած եղբայրները, աղօթենք քրիստոնէավայել կերպով եւ տոկանք լիբանանեան ամրոցին մէջ», ըսաւ տոքթ. Եափուճեան:
Այս առիթով տոքթ. Եափուճեան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ նուիրեց մանրանկարչական գործ մը եւ խնդրեց հոգեւոր Տիրոջմէն, որ նոյնպիսի գործ մը հասնի գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշին, որ կեդրոնի բարերարներէն է:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց տարեց հայրիկներուն ու մամիկներուն հետ հանդիպելուն համար: Հոգեւոր տէրը յատուկ կերպով ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ անոնք Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ են:
«Մենք կարիքը ունինք ձեր փորձառութեան եւ տարիներու վրայ երկարող նուիրումին, որոնք երիտասարդութեան համար փարոսներ պիտի հանդիսանան: Դուք օտարներ չէք, դուք մեր հայկական մարմնին հիմնական մասն էք», ըսաւ հոգեւոր տէրը:
Ապա ան աղօթեց եւ պահպանիչով փակեց իր խօսքը: Կեդրոնը եւ տարեցները ջուրով օրհնելէ ետք հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ ջուրով օրհնելը կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի` ջուրով եւ Ս. Հոգիով մկրտութիւնը: «Հայը եթէ քրիստոնեայ չէ, հայ ըլլալէ կը դադրի», ընդգծեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը:
Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը (գեղարուեստական ղեկավար` Գարմէն Աճէմեան) յաջորդաբար մեկնաբանեց Աշուղ Աշոտի «Հով գիշեր, զով գիշեր», Սայաթ Նովայի «Քամանչա», «Սարվորի երգ» եւ «Սիւնեաց սարեր» երգերը: Գարմէն Աճէմեան երգեց «Անջիգեար» երգը, իսկ վարժարանէն աշակերտ մը ջութակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը:
Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ, ապա` մատուցուեցաւ կէսօրուան ճաշ:








All the contents on this site are copyrighted ©.