2014-04-15 11:22:06

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ''գրպանի աւետարարններ'' կը նուիրէ բանտարկեալներուն։


Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ, յառաջիկայ 16 ապրիլին, Հռոմի ''Ռէճինա Չէլի'' բանտի բանտարկեաներուն, պիտի ընծայուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի կողմէ նուիրուած գրպանի փոքրիկ աւետարաններ։
Գրպանի Աւետարանի 1200 օրինակներուն բաշխումը, պիտի կատարէ` Նորին Սրբութեան Ողորմնաբաշխ՝ Արքեպիկոպպոս Գերապայծառ Քոնրատ Քրաժէվսքին։ Նշենք թէ, ''Ռէճինա Չէլի'' բանտը հիմնուած է 1881- 1884 տարեշրջաններուն։ Բանտին հոգեւորո հովութիւնը յանձնուած է ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ՝ երկու քահանաներու, հայր Վիթթորիօ Թրանի եւ Էրնէսթո Փիաչէնդթինի, համագործակցութեամբ` 14 կամաւոր վարդապետներու եւ կրօնի դասատուներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.