Լիբանան, շրջանառութեան մէջ կը դրուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանը կրող
դրոշմաթուղթը
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ
գործակցաբար «Լիպան փոսթ»-ին, այսօր` երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2014-էն սկսեալ շրջանառութեան
մէջ կը դրուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանը կրող դրոշմաթուղթը:
Երկու հազար լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ յիսուն հազար օրինակներով շուկայ «իջած» այս
դրոշմաթուղթը կարելի է գտնել բոլոր նամակատուներուն մօտ: Նմանապէս, նախարարութիւնը
500 լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ դրոշմաթուղթ շրջանառութեան մէջ պիտի դնէ 29 ապրիլէն
սկսեալ` «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանին մէջ երեք հիմնարկներու հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով: