2014-04-14 13:50:12

Աւագ շաբթուայ ընթացքին Երուսաղէմի մէջ կը սպասուի աւելի քան 125 հազար ուխտաւորներու ներկայութիւնը։


''Կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները միասնաբար կը տօնախմբեն 2014-ի Զատիկը''։

Իսրայէլեան զբօսաշրջիկութեան նախարարութեան գնահատումով, Ս. Շաբաթուայ արարողութիւններուն կ՛ակնկալուի աւելի քան 125 հազար հաւատացեալ-ուխտաւորներու մասնակցութիւնը։
Շաբաթ 19 ապրիլին` Յոյն Օրթոտոքս ս. Թաղման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող կրակավառութեան արարողութեան կը նախատեսուի աւելի քան 40 հազար հաւատացեալներու ներկայութիւնը։ Ծաղկազարդի ուռօրհնէքի արարողութեան ու ձիթենեաց լեռնէն հին Երուսաղէմ քաղաք կատարուած թափօրին` մասնակցած են 60 հազար հաւատացեալ, որոնցմէ 25 հազարը կղերական։
Աւագ Հինգշաբթի օրը ոտնլուայի արարողութենէն ետք թափօր կը կատարուի դէպի Սիոն լեռը ուր Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ նախատեսուած է խաւարման գիշերուայ ժամասացութիւնը։
Աւագ Ուրբաթ օրը, ամէն դաւանանքի պատկան քրիստոնեաները կը մասնակցին ''ճանապարհ խաչի'' բարեպաշտական արարողութեան։
Նշենք որ այս տարուայ Զատիկը հաւատացեալ ուխտաւորներու ներկայութիւնը աւելի զգալի է քանի արեւմուտքի ու արեւելքի եկեղեցիները միասնաբար եւ նոյն թուականին կը տօնեն Յիսուսի փառաւոր Յարութեան տօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.