Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի ցաւակցական ուղերձը Կարտինալ Տէլլիի վախճանման
ի լուր։
Ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ին, ըստ դիւան թիւ 90/2014, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ցաւակցական
ուղերձ մը յղած է Գաղտէացի Սագօ պատրիարքին, կարդինալ Էմմանուէլ Տէլլի պատրիարքին վախճանման
համար: Հոգեւոր Տէրը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ համայն Գաղտէացի Եկեղեցւոյ,
վախճանեալի ընտանիքին ու հարազատներուն, աղօթելով առ Աստուած որ անոր դասէ իր ընտրեալներու
շարքին: