2014-04-12 09:13:09

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Մատթ 20,29-21,17


RealAudioMP3 29 Երբ անոնք դուրս ելան Երիքովէն, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ անոր:
30 Եւ ահա՛ երկու կոյրեր նստած էին ճամբային եզերքը. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ'անցնի, աղաղակեցին. “Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի”:
31 Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք` որ լռեն, բայց անոնք ա՛լ աւելի կ'աղաղակէին. “Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի”:
32 Յիսուս կանգ առնելով` կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. “Ի՞նչ կ'ուզէք որ ընեմ ձեզի”:
33 Ըսին անոր. “Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին”:
34 Յիսուս գթալով` դպաւ անոնց աչքերուն. իսկոյն անոնց աչքերը *բացուեցան, ու հետեւեցան անոր:

21

1 Երբ մօտեցան Երուսաղէմի ու հասան Բեթփագէ, Ձիթենիներու լերան [մօտ], Յիսուս ղրկեց երկու աշակերտ`
2 ըսելով անոնց. “Գացէ՛ք այդ ձեր դիմացի գիւղը, ու իսկոյն պիտի գտնէք կապուած էշ մը, եւ անոր հետ` աւանակ մը. արձակեցէ՛ք [զանոնք] ու բերէ՛ք ինծի:
3 Եթէ մէկը բան մը ըսէ ձեզի, ըսէ՛ք. “Տէրոջ պէտք են”, եւ իսկոյն պիտի ղրկէ զանոնք”:
4 Այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը.
5 “Ըսէ՛ք Սիոնի աղջիկին. “Ահա՛ Թագաւորդ կու գայ քեզի, հեզ եւ հեծած իշու վրայ, իշու ձագի` աւանակի վրայ”“:
6 Աշակերտները գացին, եւ ըրին ինչպէս Յիսուս պատուիրած էր իրենց.
7 բերին էշն ու աւանակը, դրին անոնց վրայ իրենց հանդերձները, եւ *նստաւ անոնց վրայ:
8 Ահագին բազմութիւն մը փռեց իր հանդերձները ճամբային վրայ. ուրիշներ ճիւղեր կը կտրէին ծառերէն ու կը տարածէին ճամբային վրայ:
9 Եւ առջեւէն գացող ու [իրեն] հետեւող բազմութիւնները կ'աղաղակէին. “Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդիին: Օրհնեա՜լ է ան` որ կու գայ Տէրոջ անունով: Ովսաննա՜ ամենաբարձր [վայրերուն] մէջ”:
10 Երբ ան մտաւ Երուսաղէմ, ամբողջ քաղաքը շարժեցաւ եւ ըսաւ. “Ո՞վ է ասիկա”:
11 Բազմութիւնը ըսաւ. “Ա՛յս է Յիսուս մարգարէն` Գալիլեայի Նազարէթէն”:
12 Յիսուս մտաւ Աստուծոյ տաճարը, դուրս հանեց բոլոր անոնք` որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին, եւ տապալեց լումայափոխներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները,
13 եւ ըսաւ անոնց. “Գրուած է. “Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի”, բայց դուք աւազակներու քարայր ըրիք զայն”:
14 Կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն` տաճարին մէջ, եւ բուժեց զանոնք:
15 Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան անոր գործած սքանչելիքները, եւ մանուկները` որոնք տաճարին մէջ կ'աղաղակէին. “Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդիին”, ընդվզեցան
16 եւ ըսին անոր. “Կը լսե՞ս ի՛նչ կ'ըսեն ատոնք”: Յիսուս ըսաւ անոնց. “Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացած [գրուածը]. “Երախաներուն ու ծծկերներուն բերանով գովաբանութիւն կատարեցիր”“:
17 Ապա ձգեց զանոնք, գնաց քաղաքէն դուրս` Բեթանիա, ու կեցաւ հոն [գիշերը]:







All the contents on this site are copyrighted ©.