2014-04-12 08:37:36

Երիտասարդութեան համաշխարհային 29րդ օրը։


10-13 ապրիլ 2014, Վատիկանի մէջ տեղ ունեցաւ ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օր, Ռիօ 2013 - ՔրաՔովիա 2016'' նիւթով միջազգային հանդիպում մը, կազմակերպուած աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ։
90 երկիրներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու 250 պատուիրակներ եւ 45 եկեղեցական շարժումներու ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին վերոյիշեալ եռօրեայ հաւաքին որուն ընթացքին միասնաբար խորհրդածեցին ''երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ'' եւ 2016-ին Քրաքովիայի մէջ նշուելիք երիտասարդաց հաւաքի մասին։
Կիրակի` 13 ապրիլին Ծաղկազարդի օրը, որ է նաեւ Երիտասարդութեան համաշխարհային 29-րդ օր, միջազգային հանդիպումին բոլոր ժողովականները պիտի մասնակցին Ծաղկազարդի առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցած արարողութեան զոր կը հանդիսապետէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ որուն ընթացքին պիտի կատարուի արմաւենիներու օրհնութիւնը։ Այս առթիւ, Պրազիլի երիտասարդները Քրաքովիայի երիտասարդներուն պաշտօնապէս պիտի փոխանցեն Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը յատկանշող Խաչն ու Տիրամօր Սրբապատկերը ի տես 2016-ի Քրաքովիայի մէջ նշուելիք երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան







All the contents on this site are copyrighted ©.