2014-04-11 11:00:41

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Զատկուայ շրջանի գլխաւորած արարողութիւնները։


Կիրակի 13 ապրիլ 2014-ին կը նշուի Ծաղկազարդի տօնը` Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, Ֆրանչիսկոս Պապը, առաւօտեան ժամը 9,30 ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կը գլխաւորէ արմաւենիներու օրհնութեան արարողութիւնն ու հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի զոհը մասնակցութեամբ բազմահազար հաւատացեալներուն։

Հինգշաբթի, 17 ապրիլին, Աւագ հինգշաբթի է, Ֆրանչիկոս Սրբազան Հայրը, առաւօտեան ժամը 09,30ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, կը նախագահէ Համապատարագի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ կարտինալներուն, եպիսկոպոսներուն եւ կղերական դասին։ Արարողութեան ընթացքին եպիսկոպոսը շրջապատուած իր քահանաներով կ'օրհնէ իւղերը ։Այս առթիւ եկեղեցական դասը կը վերանորոգէ իր ուխտերը։
Իսկ յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛այցելէ Հռոմի ''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' հիմնարկի– Նախախնամութեան Տիրամօր կեդրոնը ուր կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի եւ Ոտնլուայի արարողութիւնները, կատարելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին յիշատակութիւնն ու սիրոյ պատուիրանի հաստատումը։

Ուրբաթ, 18 ապրիլին, աւագ ուրբաթ օրն է, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Յիսուսի չարչարանաց ծիսակատարութիւնը, որուն կը յաջորդէ խաչի երկրպագութեան յուզիչ արարողութիւնը։
Իսկ գիշերուայ ժամը 9,15 ին, Նորին Սրբութիւնը, աշխարհածանօթ Հռոմի Ամփիթատրոն ՝՝Գոլլոսէում՝՝ի մէջ, կը նախագահէ Ճանապարհ խաչիի բարեպաշտական յուզիչ արարողութիւնը, որուն աւարտին խօսք մը կ՛արտասանէ ու հաւատացեալներուն կու տայ իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շաբաթ 19 ապրիլին, Քրիստոսի Յարութեան ճրագալոյցն է, երեկոյեան ժամը 8,30 ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, սկիզբ կ'առնէ ճրագալոյցի պատարագը, որ կը սկսի կրակավառութեամբ եւ ապա լուսաւորուած մոմերով թափօր կը կազմուի դէպի Ս. Պետրոսի աւագ խորանը, ուր Նորին Սրբութիւնը կը մատակարարէ մկրտութեան խորհուրդը եւ որուն կը յաջորդէ համապատարագը մասնակցութեամբ՝ կարտինալական դասին։

Կիրակի, 20 ապրիլին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնն է, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,15, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի զոհը, ապա կէսօրին` Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն, կ՛արտասանէ Զատկական պատգամը եւ Հռոմ քաղաքի ո երկարգունդին կ՛ուղղէ ''Ուրպի Էդ Օրպի'' օրհնութիւնը։

Կիրակի, 27 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ երանելի Յովհաննէս ԻԳ եւ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետներու սրբադասման արարողութիւնը։ Ֆրանչիկոս Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,00 ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կը նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը ուր նախատեսուած է միլիոնաւոր ուխտաւորներու ներկայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.