2014-04-11 11:46:37

Սերժ Սարգսեան այլեւս իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ երկրի ղեկավարի պաշտօնին


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպեցաւ Հայաստանի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամներուն հետ:
Ըստ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան, հանդիպման ընթացքին յանձնախումբի նախագահ, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծի նախնական տարբերակը արդէն պատրաստ է եւ տեղադրուած է Արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Յանձնախումբի նախագահը ներկայացուց հայեցակարգի հիմնական դրոյթները եւ ատոր մէջ արծարծուած առանցքային խնդիրներու լուծման ուղիները:
Նկատի ունենալով, որ հայեցակարգի նախագիծը նախնական է եւ պէտք է անցնի պարտադիր հանրային քննարկումներու փուլ` Յարութիւնեան նշեց, որ այս փուլին ի սկզբանէ նպատակ չէ դրուած բոլոր հարցերուն վերաբերեալ ձեւաւորել միասնական եւ վերջնական դիրքորոշումներ: Անոնցմէ, մասնաւորաբար, ընդգծուած են մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու երաշխաւորման, դատական իշխանութեան գործառութային եւ հաստատութենական արդիւնաւէտութեան, ինչպէս նաեւ պետութեան կառավարման ձեւին եւ ընտրութիւններու կայացման վերաբերող հարցերը:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի նախագահին եւ անդամներուն` կատարուած ծաւալուն աշխատանքին համար եւ իր դիրքորոշումը յայտնեց առանցքային հարցերուն վերաբերեալ:
Ան նաեւ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այլեւս երբեք պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը Հայաստանի նախագահի պաշտօնին համար, իսկ եթէ վերջնական քննարկումներուն իբրեւ հետեւանք սահմանադրական բարեփոխումներու արդիւնքով ընտրուի խորհրդարանական կառավարման ձեւը, ապա չի յաւակնիր նաեւ վարչապետի պաշտօնին:







All the contents on this site are copyrighted ©.