2014-04-11 11:01:20

Իտալիոյ Թորինօ թեմի Արքեպիկոպոսի հրաւէրը՝ ''աղօթել Քամերունի մէջ առեւանգուած վարդապետներուն համար''


Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի թեմի Արքեպիկոպոս Գերապայծառ Նոզիլիա, հրաւիրած է բոլոր կղերը եւ հաւատացեալները, աղօթելու` Քամերունի մէջ առեւանգուած երկու իտալացի վարդապետներուն ազատ արձակումին համար։
Գերապայծառ Նոզիլիա նշած է, թէ ան լաւ կը ճանչնար երկու կղերականները, Հայր Ճամբաուլօ Մարթա եւ Հայր Ճանանթոնիօ Ալլէկրին, երբ ան Եպիսկոպոս էր Վիչէնցա քաղաքին։
''Շատ յուզուեցայ երբ իրենց առեւանգումի լուրը իմացայ'' գրած է Գերապայծառ Նոզիլիան, հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները, յառաջիկայ Կիրակի` Ծաղկազարդի օրը, իրենց աղօթքներուն մէջ յիշել առեւանգուած վարդապետները։







All the contents on this site are copyrighted ©.