2014-04-10 10:28:05

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Քաղտէացի Պատրիարքութեան։


Քաղտէացիներու երբեմնի Պատրիարք` կարտինալ էմմանուէլ Գ. Տէլլի վախճանումին ի լուր, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, չոերեքշաբթի, 9 ապրիլին, հեռագիր մը յղեց, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ եւ իր աղօթքը կը վստահեցնէ Քաղտէացի Պատրիարքութեան, կղերին եւ հաւատացեալներուն ։
Ֆրանչիսկոս Պապը հեռագիրին մէջ գրած է, ''երախտագիտութեամբ կը յիշեմ ննջեցեալին նուիրական գործունէութիւնը իր ժողովուրդին ի սպաս եւ այլ
կրօններու հետեւորդներուն հետ՝ խաղաղ եւ ճշմարիտ գնահատելի յարաբերութեան զարագացումը''։
Սրբազան Հայրը յայտնած է, թէ աղօթքով կը միանայ բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան ննջեցեալը եւ անոր վեհանձն հոգին կը յանձնէ Աստուծոյ ողորմութեան, ուղարկելով իր Առաքելական օրհնութիւնը՝ որպէս նշան խաղաղութեան եւ յոյսի Տիրոջ մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.