2014-04-10 12:29:05

Ժընեւի մէջ. Ռայի Պատրիարքը - Իպրահիմի հանդիպում։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Ժընեւ, չորեքշաբթի 9 ապրիլին հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած քաղաքական եւ ապահովական հետեւանքները, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին մէջ աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականի գոյութիւնը եւ անոր ունեցած ժխտական ազդեցութիւնը` տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական առումով:
Ռայի պատրիարքը եւ Իպրահիմին շեշտեցին նաեւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այդ քայլը երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կ՛աշխուժացնէ, ինչպէս նաեւ կը դիւրացնէ շրջանին մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը` իբրեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան աղբիւր, ինչպէս նաեւ իբրեւ ազգային համակեցութիւնը յարգող եւ ժողովրդավարութիւնը լաւագոյն կերպով գործադրող պետութիւն:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը սահմանելու կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.