2014-04-09 13:47:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Սուրբ Հոգիին պարգեւները


Չորեքշաբթի, 9 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած Իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր հաւատացեալներուն։
Նորին Սրբութիւնը, այօրուայ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ս. Հոգւոյ պարգեւներուն վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը,
Այսօր` սկիզբ կու տանք խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը` ''Սուրբ Հոգւոյ պարգեւները''։ Ս. Հոգին կը կազմէ ոգին` Եկեղեցւոյ ու իւրաքանչիւր քրիստոնեային կենսանիւթը ։
Ան ''Աստուծոյ գերազանց պարգեւն'' է, եւ իր կարգին, կը հաղորդէ մեզի հոգեւոր զանազան պարգեւներ` Ս. Հոգւոյ եօթը պարգեւները։
Անոնցմէ մաս կը կազմէ իմաստութեան պարգեւը։ Իմաստութիւնը թոյլ կու տայ որ ամէն բան դիտենք Աստուծոյ հայեացքով։ Անիկա ներքին լոյս մըն է որ մեզի ճանչցնել կու տայ Աստուծոյ դրոշմը մեր կեանքին ու պատմութեան մէջ։
Իմաստութեան պարգեւը կը բարեփոխէ քրիստոնեային սիրտը ու զայն կը դարձնէ հայեցողական, ուր ամէն բան կը խօսի Աստուծոյ մասին, Անոր ներկայութեա եւ Անոր ողորմութեան մասին։
Իմաստութեան պարգեւով քրիստոնեան կը դառնայ ճշմարիտ, հլու Ս. Հոգւոյ ձայնին։ Կը դառնայ ''իմաստուն'' ոչ թէ որովհետեւ ամէն բանի պատասխանը ունի, այլ որովհետեւ անոր սիրտն ու կեանքը Աստուծոյ ճաշակով լիացուած են։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, հրաւիրելով զանոնք իմաստուն դառնալ ըստ Աստուծոյ սրտին։ Չըլլանք անհամ քրիստոնեաներ – ըսաւ Ան - այլ՝ մեր կեանքը միշտ աւելի ունենայ Աւետարանին համն ու հոտը, ուրիշներուն հաղորդելու համար Քրիստոսի բոյրը, Անոր հեզութիւնն ու Անոր սէրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.