2014-04-09 09:19:29

Ուքրանիա պատրաստ է միջազգային միջնորդութեամբ լուծելու տագնապը


ՔԻԵՒ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Իթար-Թասս», «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 8ին, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ պատրաստ է միջազգային միջնորդութեամբ լուծելու յատկապէս երկիրի արեւելեան ու հարաւային շրջաններու իրադարձութեանց հետեւանքով ստեղծուած տագնապը՝ միաժամանակ պնդելով, թէ Քիեւ համաձայն չէ երկիրը դաշնակցային դրութեամբ կառավարելու առաջարկներուն:
Ակնարկելով Տոնեցքի, Խարքովի եւ Լուհանսքի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութեաց՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Երեքշաբթի օր յայտնեց, թէ ռուս գործակալներ կը կազմակերպեն արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը, քաոսային վիճակ ստեղծելու եւ ռուսական միջամտութիւն հրահրելու նպատակով:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ տագնապին լաւագոյն լուծումը դաշնակցային դրութեամբ երկիրի մը հաստատումն է, որպէսզի յարգուին արեւելեան եւ հարաւային շրջաններու քաղաքացիներուն իրաւունքները՝ միաժամանակ աւելցնելով, թէ տագնապի լուծման առաջին քայլը «Արեւմուտքի հրաժարումը պէտք է ըլլայ իր ռազմատենչ հռետորաբանութենէն»:
Նշենք, որ Տոնեցքի շրջանային խորհուրդի երեսփոխանները եւ Ուքրանիոյ մէջ դաշնակցային պետութեան ստեղծման կողմնակիցները մէկ օր առաջ անկախ հանրապետութեան մը ստեղծումը յայտարարեցին՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին դիմելով, որ ան խաղաղապահ ուժեր տեղակայէ:
Մինչ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կրցած են վերագրաւել Խարքովի պետական շէնքերը, Տոնեցքի եւ Լուհանսքի մէջ գտնուող պետական ապահովական մարմիններու շէնքերը կը մնան ռուսամէտ զինեալներու հակակշիռին տակ: Ուքրանիա նաեւ կը պնդէ, թէ զինեալները Լուհանսքի մէջ պատանդ կը պահեն 60 ուքրանացի, սակայն զինեալները հերքեցին այդ պնդումը:
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր վարչապետ Արսէնի Եացենիուք եւս այս զարգացումներուն համար այպանեց Ռուսիան: «Ռուսիոյ ծրագիրը Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը ապակայունացնելն է, ծրագիրը օտար ուժերուն սահմանը կտրելով՝ երկրին տարածքը գրաւելն է, ինչ որ մենք պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան:
Իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի բանբերը յայտնեց. «Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք իրադարձութեանց զարգացման ու կը պաշտպանենք Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»:







All the contents on this site are copyrighted ©.