2014-04-09 11:21:04

Երիտասարդութեան համաշխարհային օր ''Ռիոյէն ՔրաՔովիա'' նիւթով միջազգային հանդիպում:


10-13 ապրիլ 2014, Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օր, Ռիօ 2013 - ՔրաՔովիա 2016'' նիւթով միջազգային հանդիպում մը, կազմակերպուած աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ։
Կարտինալ Սդանիզլաւ Ռիլքօ` աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, հանդիպումին մասնակցող երիտասարներուն ուղղած իր խօսքին մէջ գրած է ''տակաւին թարմ է իմ յիշողութեանս մէջ Ռիօ տէ Ժանեյրոյի երիտասարդութեան համաշխարհային 28-րդ օրը որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որակեց ''հաւատքի ու եղբայրակցութեան մեծ տօն մը''։
Երիտասարդութեան համաշխարհային յառաջիկայ օրը տեղի պիտի ունենայ 2016-ին ՔրաՔովիայի մէջ։ Լաւագոյնս պատրաստուելու այդ կարեւոր հանդիպումին որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրուած է Յիսուսի երանութիւններու քարոզը։
2014-ին խորհրդածութեան նիւթն է` ''երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկինքի Արքայութիւնը''։
2015-ին համար`''Երանի անոնց որ սրտով սուրբ են, որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն։
Իսկ 2016-ին` ''երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն''։
Յայտնենք որ աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդը, 10-13 ապրիլ 2014, Հռոմ հրաւիրած երիտասարդութեան համաշխարհային խորհուրդի հովութեան պատասխանատուները։
Կը նախատեսուի 90 երկիրներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու 250 պատուիրակներու եւ 45 եկեղեցական շարժումներու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը։ Հանդիպումին նախատեսուած է նաեւ Ռիօ տէ Ժանեյրոյի եւ Քրաքովիայի տեղական կոմիտէներու բոլոր կազմակերպիչներու մասնակցութիւնը։ Հաւաքին աշխատանքները սկիզբ կ'առնեն 10 ապրիլին կարտինալ Ռիլքոյի բացման զեկուցումով եւ ապա կը ներկայացուի Ռիօ տէ Ժաներոյի հովուական արդիւնքներու հաշուեյարդարը։
Երկրորդ օրուայ հաւաքին նիւթն է` ''դէպի Քրաքովիա 2016''։ Խօսք պիտի առնէ Քրաքովիայի առաջնորդ` կարտինալ Ճիվիչը։
Շաբաթ 12 ապրիլի հաւաքին նիւթն է` ''երիտասարդութեան համաշխարհային օրը անբաժան մէկ մասը երիտասարդական հովութեան''։Խօսք պիտի առնէ գերապայծառ Ժոզէֆ Քլեմէնս` աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը ։
Կիրակի` 13 ապրիլին Ծաղկազարդ է, այդ օր կը նշուի Երիտասարդութեան համաշխարհային 29-րդ օրը։ Միջազգային հանդիպումին հրաւիրեալները պիտի մասնակցին Ծաղկազարդի պատարագին որ կը հանդիսապետէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ս. Պետրոս հրապարակի վրայ։ Այս առթիւ, Պրազիլի երիտասարդները Քրաքովիայի երիտասարդներուն պաշտօնապէս պիտի յանձնեն Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը յատկանշող Խաչն ու Տիրամօր Սրբապատկերը ի տես 2016-ի Քրաքովիայի մէջ նշուելիք երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։







All the contents on this site are copyrighted ©.