2014-04-08 16:05:57

Ֆրանչիսկոս Պապը Աւագ հինգշաբթիի Ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարէ ''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' հիմնարկի` Նախախնամութեան Տիրամօր կեդրոնին մէջ։


Յառաջիկայ 17 ապրիլին, աւագ հինգշաբթի օրուայ առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի ''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' հիմնարկի– Նախախնամութեան Տիրամօր կեդրոնը ուր պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի եւ Ոտնլուայի արարողութիւնները, կատարելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին յիշատակութիւնը եւ սիրոյ պատուիրանի հաստատումը։
Յայտնենք որ Արժանթինի երբեմնի Արքեպիսկոպոս' Կարտինալ Պերկոլիօ, սովորութիւն ունէր վերոյիշեալ արարողութիւնը կատարել հիւանդանոցներու մէջ, աղքատներու եւ չքաւորներու մասնակցութեամբ։ Արդարեւ անցեալ տարի եւս, Ֆրանչիսկոս Պապը ուզած էր աւագ հինգշաբթի օրուայ արարողութիւնը կատարել Հռոմի ''Քազալ Տէլ Մարմօ'' անչափահասներու բանտին մէջ, լուալով 12 բանտարկեալնրու ոտքերը։
Նախախնամութեան Տիրամօր կեդրոնը հիմնուած է 2003-ին ու անոր պաշտօնական գործունէութիւնը սկսած է 2004-ին։ Այս տարի կը նշուի գործունէութեան 10-րդ տարեդարձը։ Անոր առաքելութիւնն է օգնութեան հասնիլ եւ հոգ տանիլ չքաւորներուն։ Կեդնորը ունի 150 անկողին յատկացուած բժշկական խնամատարութեան։Յայտնենք թէ 25 հոկտեմբեր 2014-ին կը նխուի Տոն Նիոքքի երանացման 5-րդ տարեդարձը։ Իտալացի քահանայ` Տոն Նիոքքին իր հովուական առաքելութիւնը նուիրած է եղբայրսիրութեան յատկապէս ծառայելով մանուկներուն եւ անկարներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.