2014-04-08 11:23:54

Մեծ պահքը երրեակ իմաստով հատուածներ՝ «Պարզ խօսքեր՝ պարզ հոգիներու համար» Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս


Մեծպահքի քառասնօրեայ շրջանը եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար հոգեկան վերանորոգութեան սքանչելի առիթ մըն է: Երբ անիկա գիտակցօրէն ապրուի հոգեկան ազնուացման, առհասարակ մարդ անհատի երջանկութեան ամենէն ազդու եւ բարերար միջոցը կը դառնայ: Մեծ պահքը գիտակցօրէն ապրիլ կը նշանակէ.-1. Աղօթքը դարձնել մեր կեանքի կեդրոնական առանցքը Առաջին հերթին, աղօթել առանձնապէս տունին կամ ոեւէ այլ հանդարտ միջավայրի մէջ, ուր ինքնամփոփումի, առանձին ըլլալու, ինք իր խղճին հետ խօսակից դառնալու կարելիութիւնը կայ: Կ’անդրադառնա՞նք թէ մարդ առօրեայ կեանքին մէջ որքան գրաւուած է ուրիշներով...: Բայց անհրաժեշտ է որ երբեմն ինք իր անձին հետ առանձին ըլլայ, եւ Աստուծոյ ամենատես աչքին ներքեւ, դիտէ ու քննէ ինքզինք...:
Խոկումի, ինքնանդրադարձումի, առանձնութեան, աղօթքի պահերուն, երբ ոչ ոք մեզի կը նայի, ոեւէ մէկու հետ կապ չունինք, երբ մեր աչքերը մեր անձերուն վրայ կը սեւեռենք, այն ատեն կը յաջողինք սրտբացօրէն, ճշմարտօրէն եւ ջինջ յստակութեամբ մենք
զմեզ տեսնել, ճանչնալ եւ սրբագրել կամ վերանորոգել...:

2. Պահք բռնել
Աղօթելու հետ առընթեր եւ բացի աղօթելէ անհրաժեշտ է պահք բռնել, ինչպէս ժողովրդական արտայայտութեամբ կ’ըսուի: Ի՞նչ կը նշանակէ պահք բռնել...:
Կրօնական ճշգրիտ եւ խորունկ իմաստով՝ պահքը այնպիսի արարք մըն է որ մարդը կ’առաջնորդէ ինքզինք կամաւորապէս զրկելու որոշ զգայարանական, նիւթական հաճոյքներէ եւ ճոխութիւններէ: Առիթ կու տայ անոր մտածելու հոգեկան, բարոյական
կեանքի մշակման մասին...:
Յիսուսի կեանքի պատկերին մէջ մենք կը տեսնենք որ Ան քառասուն (40) օր անապատի մէջ առանձնացաւ, ինքզինք կերակուրներէ զրկեց, հոգեպէս զօրանալու համար: Աւետարանին մէջ մենք կը կարդանք թէ Ան պատուիրեց Իր հետեւորդներուն եւ ըսաւ որ պէտք է պահք բռնէք բայց ո՛չ «ի ցոյց մարդկանց», այլ ներքին ինքնամփոփումով, որպէսզի պահքը արժէք ստանայ եւ ծառայէ անձին վերանորոգութեան...:

3. Բարիք Գործել
Մեծ պահոց շրջանը գիտակցօրէն ապրիլ կամ գործնապէս իմաստաւորել կը նշանակէ ոչ միայն ներանձնական աղօթք ընել կամ պահք բռնել, այլ նաեւ որոշ գործեր կատարել, դրական արարքներ գործել, որոնց նպատակն ու արդիւնքը բարիք ըլլան, եւ՝ ոչ թէ միայն անհատին, այլ իր նմանին, ուրիշին երջանկութեան ծառայեն:
Հետեւաբար, Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը քրիստոնէաբար եւ հայօրէն ապրելու համար ունինք երեք գլխաւոր պարտաւորութիւններ.
1.- Աղօթել՝ առանձնապէս եւ հաւաքաբար
2.- Պահք բռնել ինքնազրկումի սկզբունքով
3.- Բարիք գործել՝ ծառայութիւններ մատուցանելով








All the contents on this site are copyrighted ©.