2014-04-07 09:31:30

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան կարիքը ունի պարկեշտ, օրինակելի եւ վարքով հզօր նախագահի մը»


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, կիրակիշ 6 ապրիլին, առաւօտեան Պքերքէի շրջափակին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան արտասանեց քարոզ մը` մաղթելով, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Ան կոչ ուղղեց երկրին դիմագրաւած ներկայ զգայուն կացութեան ընթացքին հզօրացնելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ ամրապնդելու Լիբանանի յարաբերութիւնները:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին խորհրդարանը հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան լիագումար նիստի մը` օրէնսդրական նիստերուն աւարտէն անմիջապէս ետք:
«Լիբանան կարիքը ունի պարկեշտ, օրինակելի եւ վարքով հզօր նախագահի մը, որ կարենայ վերջ տալ փտածութեան եւ հզօրացնել պետութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.