2014-04-07 10:41:41

Հռոմի Մեծն Ս. Գրիգորի նուիրուած ժոովրդապետութիւնը այցելելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը դրաւ Յոյս ունենալու կարեւորութեան վրայ։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակելով Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններուն կատարած իր հովուական այցելութիւնները, կիրակի 6 ապրիլի յետմիօրէին, այցելեց Հռոմի Մեծն Ս. Գրիգորի նուիրուած ժոովրդապետութիւնը։ Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ ժողովրդապետութեան մանուկներուն, հիւանդներուն,եւ տարեցներուն հետ, ինչպէս նաեւ նշանուածներուն ու նոր կնքուած մանուկներու ծնողներուն հետ։
Մանուկներուն եւ երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ` ''Յոյսը՝ երբեք յուսախաբ չթողուր՝ որովհետեւ յոյսը ՝ Աստուծոյ պարգեւն է։ Պէտք ենք մեր սրտերը Աստուծոյ բանալ որպէսզի մեզի յոյս ներշնչէ''։
Ապա հիւանդներուն եւ տարեցներուն հետ հանդիպման ընթացքին, ֆրանչիսկիս Պապը ըսաւ. ''Յոյսը կենդանի է տառապանքին մէջ, փրկուած ենք Յիսուսին հետ խաչին միջոցաւ, երբ որ հասնի հիւանդութեան խաչը, մենք կը նմանինք Յիսուսին''։
Խօսքը ուղղեով ապա նոր մկրտուած երեխաներու ծնողներուն` Սրբազան Հայրը ըսաւ` ''Հնարաւոր է, մկրտութենէն ետք կապ պահել ժողովրդապետութեան հետ, որովհետեւ այսպէսով ձեր զաւակները կ'աճին միացած ժողովրդապետութեան հասարակութեան հետ''։
Սուրբ Պատարագի զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ներշնչուելով աւետարանի ընթերցումէն՝ ուր կը խօսուի Ղազարոսի Յարութեան մասին, ներկաները հրաւիրեց ''դուրս գալու մեր մէջ գտնուող գերեզմամէն ։ Ամէնքս, սրտի մասնիկ մը ունինք որ կենդանի չէ՝ մեռած է, Միայն Յիսուս կրնայ օգնել մեզի դուրս գալու մեղքի գերեզմանէն'' ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին Սրբազան Հայրը վերադարցաւ Վատիկան։







All the contents on this site are copyrighted ©.