2014-04-07 10:59:06

Եկեղեցական գիտելիքներ
6-րդ Շաբաթ Քառասնորդաց Գալստեան շաբաթ (6 - 13 Ապրիլ 2014)


RealAudioMP3 Քառասնորդաց վեցերորդ շաբաթը կը կոչուի Գալստեան շաբաթ եւ նուիրուած է Յիսուսի-Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, երբ աշխարհի վերջը պիտի գայ, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ Այս շաբթուայ ընթացքին կը կարդացուին զանազան բժշկութիւններու աւետարաններ. Իսկ քառասնորդաց 40-րդ օրը, որ կը հանդիպի ուրբաթ օր, կը կարդացուի Յիսուսի խաչելութեան պահուն իր կատարած յանձնումը իր մօրը` Յովհաննէս առաքեալին, եւ Յովհաննէսը կարգելով իր տեղ` որպէս որդի Մարիամի։ Խաչելութեան յիշատակէն մէկ շաբաթ առաջ արդէն` Հայ Եկեղեցին կը յիշեցնէ թէ Յիսուսի մայրը փրկչակից եղաւ իրեն, խաչին տակ։
Կիրակի օրուան աւետարանը մեզ կը հաղորդէ սիրոյ պատգամը Քրիստոսի, թէ ինչպէս, աստուածսիրութիւնը ամենամեծ պատուիրանն ըլլալով հանդերձ` եղբայրսիրութիւնը կարելի չէ բաժնել անկէ։ Երկուքը միասին կը կազմեն հիմը բոլոր օրէնսդրութեան։ Իսկ ով որ խոնարհեցնէ ինքզինք, ան պիտի բարձրանայ։
Մեզի կը սորվեցնէ նաեւ զգուշանալ անոնցմէ որոնք, նման փարիսեցիներուն` իրենց կրօնասիրութիւնը կ՛իրագործեն պարզապէս երեւնալու համար ժողովուրդէն։ Մարդ եթէ պիտի պաշտէ զԱստուած, բոլոր սրտանց պէտք է կատարէ զայն։
Միջագետքի Եկեղեցին
Այս Եկեղեցին, որուն կը միանայ նաեւ Պարսից Եկեղեցին, աւելի քաղդէական ծէսի պատկանող եկեղեցին է, որ կոչուած է նաեւ արեւելեան ասորի եկեղեցի։ Անոնց մէջ շատ մը նահատակ սուրբեր կը գտնենք, որովհետեւ Պարսիկները մահով կը պատժէին բոլոր անոնք որոնք կրակապաշտութենէն դէպի քրիստոնէութիւն դարձ կը կատարէին։ Ունեցած է նաեւ մեծ հայրապետներ, զոր օրինակ Յակոբ Մծբնայ հայրապետը որ հօրաքրոջ որդին էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի։ Նաեւ նշանաւոր է Ս. Եփրեմ Խուրին։ Իսկ Պարսկաստան նահատակուած մեր մեծ սուրբերէն է Սուրբ Սարգիսը, իր Մարտիրոս որդիին եւ 14 դարձի եկած պարսիկ զինուորներու հետ։
Սուրբ Թովմասն է հիմնադիրը այս Եկեղեցւոյ, որ, շարունակելով իր ճանապարհը, հասած է մինչեւ Հնդկաստան, ուր այսօր տակաւին կը ծաղկին երկու Եկեղեցիներ, մին` ասորական ծէսով, կոչուած Մալանքար Եկեղեցի, իսկ միւսը` քաղդէական, կոչուած Մալապար Եկեղեցի։ Հայ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները այս Եկեղեցւոյ հետ աւելի հազուադէպ եղած են, հեռաւորութեան պատճառաւ։
Յիշենք նաեւ Եւթոպիոյ Եկեղեցին, որ կախեալ է Ղպտիներէն, այսինքն Աղեքսանդրիոյ աթոռէն, սակայն Առաքելոց Գործերէն գիտենք թէ առաջին Եւթոպացին որ դարձի եկաւ Փիլիպպոս Առաքեալի ձեռամբ` Եւթոպիոյ թագուհիին ներքինին էր, որ իր երկիրը վերադառնալով, քարոզեց Քրիստոսի աւետարանը։ Այս Եկեղեցիէն` մեր Յայսմաւուրքը կը յիշէ միայն Խարեթեանց 10.200 նահատակները, 6-րդ դարուն։
Շաբաթ օր` 12 ապրիլին, Հայ Եկեղեցին կը կատարէ յիշատակը Ղազարոսի յարութեան։ Ղազարոս Յիսուսի բարեկամն էր, որ մահացած էր եւ գերեզման դրուած 4 օրէ ի վեր։ Յիսուս եկաւ եւ զինք դուրս կանչեց գերեզմանէն։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ այս զգայացունց հրաշքը, շատերը սկսան հաւատալ իրեն, ինչ որ նախանձը գրգռեց Փարիսեցիներուն ու Քահանաներուն. Այդ օրէն սկսեալ անոնք որոշեցին Յիսուսը սպաննել տալ, Հռոմէական իշխանութենէ խնդրելով որ զինք դատապարտէ մահուան։ Այս օր` Երեկոյեան ժամերգութեան ատեն, խորանի վարագոյրը հանդիսաւորապէս կը բացուի երբ դպիրները կ՛երգեն օրուան շարականը։
Կիրակի 13 Ապրիլին Ծաղկազարդ է. Յիսուսի Փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ։







All the contents on this site are copyrighted ©.