2014-04-06 11:04:47

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛այցելէ Հռոմի Մեծն Ս. Գրիգորի նուիրուած ժողովրդապետութիւնը։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակելով Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններուն կատարած իր հովուական այցելութիւնները, կիրակի 6 ապրիլի յետմիօրէին, կ՛ այցելէ Հռոմի Մեծն Ս. Գրիգորի նուիրուած ժոովրդապետութիւնը։ Նախքան սուրբ պատարագ մատուցանելը, Սրբազան Հայրը հանդիպումներ կ՛ ունենայ ժողովրդապետութեան մանուկներուն, հիւանդներուն,եւ տարեցներուն հետ, ինչպէս նաեւ նշանուածներուն ու նոր կնքուած մանուկներու ծնողներուն հետ։
Ժողովրդապետութիւն ժամանելուն (ժամը 16ին) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը դիմաւորեն Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին, Եկեղեցւոյ ժողովրդապետը ու անոր օգնական քահանաները։ Նորին Սրբութեան, յանուն ժողովրդապետութեան հասարակութեան, բարի գալուստի խօսք կ՛արտասանէ կրօնուսոյց` Տիկ Լուչիա Քարավոնա։Յաւարտ Սուրբ Պատարագին Սրբազան Հայրը կը վերադառնայ Վատիկան։
Յայտնենք որ Մեծն Ս. Գրիգորի նուիրուած ժոովրդապետութիւնը հիմնուած է 14 դեկտեմբեր 1963-ին։
Այս 6-րդ անգամն է որ Սրբազան Հայրը այցելութիւն կը կատարէ իր թեմի ժողովրդապետութեան։ Առաջինը եղաւ ''Սրբուհի Եղիսաբէթ եւ Սուրբ Զաքարիոսի'' անուամբ ժողովրդապետութեան այցը` 26 մայիս 2013-ին, ապա 1 դեկտեմբեր 2013-ին Աղեքսանդրիոյ Սուրբ Կիւրեղի ժողովրդապետութիւնը, 19 յունուար 2014-ին` Յիսուսի Սուրբ Սրտի ժողովրդապետութիւնը, 16 փետրուար 2014-ին` Սուրբ Թովմաս առաքեալի ժողովրդապետութիւնը, 16 մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց` ''Աղօթքի Տիրամօր'' նուիրուած ժողովրդապետութիւնը իսկ 6 յունուար 2014-ին Քահանայապետը առանձնական այցելութիւն կատարած էր Սուրբ Ալֆոնսիոս Մարիա Տէ Լիկուորիիի ժողովրդապետութեան շարժուն մսուրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.