2014-04-05 12:13:49

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ Իտալիոյ Քալապրիա եւ Մոլիզէ մարզերը։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի հրատրակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունած է հրաւէրը այցելելու Իտալիոյ Քալապրիա թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Նունցիօ Կալաթինոյին հրաւէրը այցելելու Քալապրիայի ''Քասսանօ Ալլօ Եոնիօ'' թեմը, ուր վերջերս մաֆիան սպաննել տուած է փոքրիկ երեխայ մը։ Այցելութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ յունիս 21-ին։ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա 5 յուլիսին, պիտի այցելէ Իտալիոյ Մոլիզէ մարզի Քամփոպասսոյի եւ Իզերնիայի թեմերը։
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետը, բացի Հռոմի թեմի ժողվրդապետութիւններուն կատարած հովուական այցելութիւններուն, ցայժմ այցելած է. Լամբետուզա, Գալիարի եւ Ասսիզի քաղաքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.