Շաբաթ, 5 ապրիլին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Առաքելական պալատի գրասենեակին
մէջ, ընդունեց Լիպերիոյ նախագահը` Տիկին Էլլեն Ժոնսոն Սիրլիֆը։ Լիպերիոյ նախագահը ապա
հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար` կարտինալ Փարոլինի եւ Վատիկանի արտաքին գործոց
նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ բարեկամական
մթնոլորտի մէջ։ Նկատի առնուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Լիպերիոյ միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները,
ինչպէս նաեւ գոհացուցիչ նկատուեցաւ՝ եկեղեցւոյ դրական գործունէութիւնը ի նպաստ ազգային
համերաշխութեան եւ խաղաղութեան նա մանաւանդ ընկերային եւ դաստիարակչական շրջագիծէն ներս։