Քեսապը Կը մնայ միջազգային մամլոյ ուշադրութեան տակ։
Քեսապի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղահանուած քեսապցիներուն ի նպաստ աշխարհի տարբեր
քաղաքներու մէջ հայ համայնքներուն կազմակերպած բողոքի ցոյցերը կը գտնուին միջազգային
լրատուամիջոցներու լուսարձակին տակ: Արդարեւ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը Ապրիլ 3ին ներկայացուցած
է Լիբանան հասած քեսապցի գաղթականներու վկայութիւնները՝ յարձակումներուն եւ տեղահանութիւններուն
վերաբերեալ: «(Քեսապցիներուն) Մէկ մասը ստիպուած ճամբայ ինկած էր գիշերանոցով, միւսները՝
աշխատանքային տարազներով: Շատերը կը մտածէին, թէ պիտի կրնան մօտ ատէնէն վերադառնալ, իսկ
այժմ կը վախնան, որ վերադառնալու առիթ կրնան չունենալ այլեւս», գրած է թերթը՝ աւելցնելով,
թէ Սուրիոյ եռամեայ պատերազմին ընթացքին, շրջանը ցարդ հեռու մնացած էր պատերազմի արհաւիրքէն:
Թերթը կը նշէ, թէ քեսապցիներու վկայութեանց համաձայն՝ յարձակումներուն ընթացքին մարդկային
մեծ կորուստներ չեն արձանագրուած եւ յիշուած է մահուան մէկ դէպք միայն, երբ արձակազէններու
կրակոցէն սպաննուած է տեղացի ուսուցիչ մը: Թերթը նաեւ կը շեշտէ, թէ ականատեսներու վկայութիւններէն
յստակ է, թէ ահաբեկիչները յարձակումը իրականացուցած են Թուրքիոյ աջակցութեամբ: Միւս
կողմէ, Միջին Արեւելքի երկիրներու իրադարձութիւնները լուսաբանող «Մանիթըր» կայքը անդրադարձած
է աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած Քեսապի ի նպատ ցոյցերուն՝ նշելով, որ թրքական
դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու առջեւ ցոյցեր կատարուած են Սիտնիի, Լոս Անճելըսի,
Մոսկուայի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Կայքը կ՛աւելցնէ, թէ թուրք հասարակութեան
միայն փոքր հատուածը կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական միջամտութեան: «Պի.Պի.Սի.»,
«Ա.Էֆ.Փէ.», «Էյ.Փի.» եւ այլ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու կողքին, Քեսապի իրադարձութիւններուն
շարունակաբար կ՛անդրադառնան նաեւ ռուսական եւ իրանեան լրատուական գործակալութիւններ: