2014-04-05 10:18:30

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը:


«Առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով եւ հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ներկայացուցած հրաժարականին վրայ` կ՛որոշեմ ընդունիլ կառավարութեան հրաժարականը», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ: Ըստ նախագահի հրամանագիրին, կառավարութեան անդամները պէտք է շարունակեն պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
Ուրաբթ առաւօտեան Կեդրոնական դրամատան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ, Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է յաջողի ապահովել տնտեսական աճ, բարեփոխումներու շարունակականութիւն եւ նոր կառավարութիւնը պէտք է յաջողի վերականգնել մեր քաղաքացիներուն վստահութիւնը բարեփոխումներուն եւ իր գործունէութեան նկատմամբ: Նախագահ Սարգսեան հաւաստիացուց, որ կառավարութեան մէջ էական փոփոխութիւններ պիտի կատարուին եւ անհրաժեշտութիւն կայ, որպէսզի նոր աչքով նայուի եղած խնդիրներուն, մարզերուն:
Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ վարչապետի հրաժարականը պարզապէս հրաժարական էր, այլ ոչ թէ` պարտադրանք: Ան նշեց, որ 6 տարին երկար ժամանակահատուած է վարչապետի մը համար` տրուած ըլլալով, որ բաւական ծանր աշխատանք է: Ան յոյս յայտնեց, որ քսան տարի ետք արդէն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ շատ աշխատանքներ կատարելը:








All the contents on this site are copyrighted ©.