2014-04-05 11:22:55

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Մատթ 22,34-23,12


RealAudioMP3 34 Բայց Փարիսեցիները` երբ լսեցին թէ ան պապանձեցուց Սադուկեցիները, տեղ մը հաւաքուեցան,
35 եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց` զայն փորձելով.
36 “Վարդապե՛տ, ո՞ր պատուիրանը մեծ է Օրէնքին մէջ”:
37 Յիսուս ըսաւ անոր. ““Սիրէ՛ Տէրը` քու Աստուածդ` ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ եւ ամբողջ միտքովդ”:
38 Ա՛յս է առաջին ու մեծ պատուիրանը:
39 Եւ երկրորդը` ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ *քու անձիդ`` պէս”:
40 Այս երկու պատուիրաններէն կախուած են ամբողջ Օրէնքն ու *Մարգարէները”:
41 Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.
42 “*Քրիստոսի մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը. որո՞ւ որդին է”:
43 Ըսին իրեն. “Դաւիթի՛”: [Յիսուս] ըսաւ անոնց. “Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զայն Տէր կը կոչէ ու կ'ըսէ.
44 “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. “Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ””:
45 Ուրեմն եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս ան իր որդին կ'ըլլայ”:
46 Ո՛չ մէկը կրնար խօսքո՛վ մը պատասխանել անոր: Այդ օրէն ետք` ո՛չ մէկը կը յանդգնէր [բան մը] հարցնել անոր:

1 Այն ատեն Յիսուս խօսեցաւ բազմութեան եւ իր աշակերտներուն` ըսելով.
2 “Դպիրներն ու Փարիսեցիները բազմած են Մովսէսի աթոռին վրայ:
3 Ուրեմն ինչ որ ըսեն ձեզի` որ պահէք, պահեցէ՛ք եւ ըրէ՛ք. բայց մի՛ ընէք անոնց գործերուն պէս, որովհետեւ կ'ըսեն` սակայն չեն ըներ:
4 Արդարեւ ծանր ու դժուարակիր բեռներ կը կապեն եւ կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ, ու իրենց մատո՛վ [իսկ] չեն ուզեր շարժել զանոնք:
5 Իրենց բոլոր գործերը կ'ընեն մարդոցմէ տեսնուելու համար. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները եւ կ'երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները.
6 կը սիրեն առաջին բազմոցները` ընթրիքներու մէջ, առաջին աթոռները` ժողովարաններու մէջ, բարեւները` հրապարակներու վրայ,
7 ու “ռաբբի՛, ռաբբի՛” կոչուիլ մարդոցմէ:
8 Բայց դուք մի՛ կոչուիք “ռաբբի”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Ուսուցիչը` Քրիստոս,
9 եւ դուք բոլորդ եղբայր էք: Ու երկրի վրայ ո՛չ [մէկը] կոչեցէք ձեր “հայրը”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Հայրը` որ երկինքն է:
10 Եւ դուք մի՛ կոչուիք “ուսուցիչ”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Ուսուցիչը` Քրիստոս:
11 Ու ձեր մէջէն մեծագոյնը` ձեր սպասարկո՛ւն թող ըլլայ:
12 Ո՛վ որ բարձրացնէ ինքզինք` պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ խոնարհեցնէ ինքզինք` պիտի բարձրանայ”:







All the contents on this site are copyrighted ©.