2014-04-05 11:22:59

Զ. Կիրակի Քառասնորդաց
Մատթ. ԻԲ. 34- ԻԳ. 12


RealAudioMP3 Անցեալ Կիրակի` անիրաւ դատաւորի եւ այրի կնոջ ինչպէս նաեւ Փարիսեցցի եւ մաքսաւորի զոյք առակներէն, տեսանք ինչպէս Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ աղօթքի: Աղօթել առանց վհատելու, որ կը նշանակէ թէ մենք մեզ միշտ Աստուծոյ մօտ զգանք, ինչպէս նաեւ վայելել անոր մշտական ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, մեր արօրեայ գործերուն ընդմէջէն:
Իսկ այս կիրակի օրուայ աւետարանի ընթերցումին մէջ, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ Սիրոյ: Մեծագոյն պատուիրանը` ՍԷՐն է: Պիտի սիրենք մեր Տէր Աստուածը, մեր ամենակալ Հայրը, ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ մտքով, այլ խօսքով, մարդկային ամբողջ էութեամբ` սրտով, հոգիով եւ մտքով: Ինչո՞ւ համար մեր Տէր Աստուածը պիտի սիրենք մեր ամբողջ էութեամբ: ԶԻնքը պիտի սիրենք որովհետեւ, ինք մեզ սիրեց ամբողջ սրտով, հոգիով եւ մտքով, Մարդանալով Սուրբ Կոյս Մարիամէն: Որովհետեւ ինչպէս կ’ըսեն մեր Սուրբ հայրերը, Յիսուս ձգեց Աստուածային գահը եւ ընդունեց մեր տկար բնութիւնը: Ուզեց ամէն բան բաժնել մարդկութեան հետ, սակայն ոչ մեղքը, որովհետեւ Ան աշխարհ եկաւ մեղաւոր մարդիկը փրկելու, եւ զանոնք հաշտեցնելու իրենց Արարիչին հետ:
Սակայն զԱստուած սիրելու ու պաշտելուն չափ ալ կարեւոր է ընկերսիրութիւնը: «Պիտի սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս»: Այս է երկրորդ պատուիրանը, որ նոյնքան կարեւոր է որքան առաջինը` զԱստուած սիրելը:
Ո՞վ է ընկերս: Յիսուս ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր «սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս», պատուիրանով:
Կեանքի մէջ կը հանդիպինք զանազան մարդոց. մարդիկ կան որոնք չեն կրնար ապրիլ առանց բարեկամի, կամ ընկերոջ: Կան նաեւ մարդիկ որոնք երբեք չեն կրնար ապրիլ ուրիշներու հետ, սակայն եթէ հարցնելու ըլլանք այս երկու տեսակ մարդոց ի՞նչ է բարեկամութիւնը քիչեր միայն գիտեն արժէգը բարեկամութեան:
Սիրել ընկերը մեր անձին պէս կը նշանակէ` ընել մեր մերձաւորին` ինչ որ պիտի ուզէինք որ ուրիշներ մեզի ընէին եւ չընել ինչ որ պիտի չուզէինք որ ուրիշներ մեզի ընէին: Իւրաքանչիւր մարդ կի փափաքի լսելի ըլլալ ուրիշներէն, հասկցուիլ ու ընդունուիլ ուրիշի կողմէ, որովհետեւ համոզուած ենք, որ փոխադարձ սէրը բազմաթիւ հարցեր կը լուծէ: Համագործակցութիւնը եւ հարազատ սէրն ու յարգանքը մարդոց միջեւ ակընբախ է այս ժամանակներուն: Ատելութիւնը, ոխը, նախանձը եւ կղզիացումը կործանման կը տանին: Մարդ կը կղզիանայ ինքնիր մէջ, իր ընտանիքին շուրջ: Միեւնոյն շէնքի բնակիչները եւ դրաձիները զիրար չեն ճանչնար: Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ իսկ երեւան կու գան կղզիացում մը քահանաներու ու աշխարհականներու միջեւ:
Աստուծոյ խօսքը այսօր, կը հասնի լուսաբանելու մեր միտքը ու զօրացնելու մեր կամքը: Կը յայտնէ մեզի համերաշխութեան ձախողանքի պատճառը ու ցոյց կու տայ միջոցը, զայն գործածելու ամէնուն բարիքին համար: Հետեւաբար, որքան մօտ ապրինք Աստուծոյ հետ, այնքան մօտ կ՛ապրինք մարդոց հետ: Որքան հարստանանք Աստուծմով, այնքան կը հարստացնենք մարդոց: Որքան յառաջանանք դէպի երջանկութեան աղբիւրը, այնքան աւելի հարազատ երջանկութիւնը կը փոխանցենք մարդկութեան: Ամէն







All the contents on this site are copyrighted ©.