2014-04-05 09:22:59

''Աւետարանը միշտ մեր հետը տանինք '' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթին մէջ, եւ կ՛որոշէ հաւատացեալներուն նուիրել գրպանի Աւետարան մը։


Շաբաթ, 5 ապրիլի առաւօտեան հրատարակած իր թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց` ''Աւետարանին մէջ կրնանք ամէն օր ունկնդրել Յիսուսը որ մեզի կը խօսի։ Մեր մօտ ունենանք միշտ փոքրիկ Աւետարան մը''։
Յայտնենք որ Կիրակի, 6 ապրիլի կէսօրին, կինարնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքով, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն որպէս նուէր պիտի բաշխուին փոքրիկ աւետարաններ։
Բազմաթիւ առիթներով Սրբազան Հայրը յորդորած է հաւատացեալները իրենց հետ ունենալու Աւետարանի գիրքը, զայն կարդալու եւ խորհրդածելու Յիսուսի խօսքերուն ու անոր ըրած գործերուն մասին։
Փոքրիկ այս աւետարանի գիրքը, յատուկ արտադրութիւնն է Վատիկանի տպագրատան։ Կը ներփակէ չորս աւետարանները եւ գործք առաքելոցը։ Առաջին էջին վրայ կը կրէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Աւետարանի ուրախութիւն'' առաքելական յորդորագիրէն քաղուած հետեւեալ խօսքը ''Աւետարանի ուրախութիւնը կը լիացնէ սիրտն ու համայն կեանքն անոնց որ Յիսուսի կը հանդիպին'', իսկ ներքին էջերուն մէջ նշուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթելու ուղեցույցը, ապա վերջին էջերուն վրայ զետեղուած է Երանելի Կարտինալ Ժոն Նիւմանի մէկ աղօթքը։
Աւետարաններու բաշխումը պիտի ապահովեն բազմաթիւ կամաւորներ։ Նախաձեռնութիւնը, ինչպէս անցեալին, կազմակերպուած է Առաքելական Ողորմնաբաշխութեան կողմէ որ կը նկատուի Սրբազան Պապին բազուկը` հոգեկան եւ նիւթական բարեսիրական գործունէութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.