2014-04-04 10:41:32

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։ ''Թանզանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները''


Ուրբաթ, 5 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ մասնակցեցաւ քառասնորդացի չորրորդ քարոզութեան զոր կատարեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսան, որպէս նիւթ ունենալով ` ''Հսկաներու ուսերուն վրայ. Մեր հաւատքի հարազատ ճշմարտութիւնները, Լատին Եկեղեցւոյ Հայրերու հետ միասին''։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քոնկոյի հանրապետութեան մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ատոլֆօ Թիթօ Եիլանա ու ապա Պրազիլի Քզինկուիի եպիսկոպոս գերապայծառ Էրվին Գրաուլը։ Ժամը 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Թանզանիայի եպիսկոպոսական համահաւք դասի եպիսկոպոսներու առաջին խումբին, որոնք 4 – 7 ապրիլ Հռոմ կը ժամանած են իրենց կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Յատնենք որ Թանզանիան ունի 975,090 քմ քառակուսի տարածք եւ 44 միլիոն 928 հազարէ աւելի բնակչութիւն, որուն 40 առ հարիւրը քրիստոնեայ կրօնի կը պատկանի եւ ասոնց մէկ երրորդը կաթողիկէ են։ Մահմետականները կը կազմեն բնակչութեան 35 տոկոսը։
Թանզանիայի հանրապետութիւնը ստեղծուած է` 25 ապրիլ 1964-ին, Թանկանիքայի եւ Զանզիպարի միացումով։ Թանզանիան աշխարհի ամենէ աղքատ երկիրներէն մին է, անոր բնաչկութեան 60 տոկոսը կ՛ապրի օրական 2 տոլարով, թէեւ վերջին տարիներուն բաւական զարգացումներ արձանագրուած են։
Թանզանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հիմնուած է 1956-ին։ Ան ունի ութը մասնաճիւղ` հովուական, առողջապահական, բարեսիրական, դաստիարակչական, ծիսական, ընկերային հաղորդակցութեան եւ աշխարհականներու առաքելութեան։
Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 5 Արքեպիսկոպոսական աթոռներ եւ 29 թեմեր։ Եկեղեցին մեծ դեր ունի առողջապահական եւ դաստիարկչական մարզերէն ներս. Երկրին բժշկական եւ դաստիրակչական կառոյցներու կէսը կը պատկանի Եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.