2014-04-03 09:55:42

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Չիլէն հարուածող երկրաշարժին ի լուր


Ի լուր երեքշաբթի, 1 ապրիլին , Չիլլի Հիւսիսը հարուածած ուժգին երկրաշարժին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի, 2 ապրիլին, հեռագիր մը յղեց Սանթիակօ թեմի արքեպիսկոպոս` կարտինալ Ռիքքարտօ Էծծաթիին որուն մէջ յայտնեց իր մօտիկութիւնն ու ցաւակցութիւնը երկրաշարժի զոհերուն եւ անտննանկներուն։
Հեռագիրնին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց` ''Կ՛աղօթեմ Աստուծոյ որպէսզի զոհերուն շնորհէ յաւիտենական անդորրութիւնը, մխիթարութիւն պարգեւէ աղէտէն վերապրողներուն եւ յոյս ներշնչէ անոնց դիմագրաւելու համար բոլոր դժուարութիւնները։
Նորին Սրբութիւն, հեռագիրին մէջ կոչ ուղղեց քրիստոնեայ հասարակութիններուն, քաղաքացիական հաստատութիւններուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց, որպէսզի, այս ահռելի պահերուն, եղբայրասիրութեամբ եւ վեհանձն հոգիով՝ օգնութեան հասնին կարիքաւորներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը, հեռագիրի աւարտին, հայցեց Կարմեղեան Տիրամօր հովանիին, բոլորին շնորհելով իր Առաքելական Օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.