Հինգշաբթի, 3 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկին մէջ
ընդունեց ''Քափօ Վերտէի'' վարչապետ` Տիար Խօսէ Մարիա Փերեյրա Նեվեսը ու անոր ընկերացող
շքախումբը։ Այս առթիւ տեղի ունեցաւ Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ, անցեալ 10 յունիս
2013-ին ստորագրուած համաձայնագիրի վաւերացումը հայող ''Քափօ Վերտէի'' Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
Իրաւական կանոնադրութեան: Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը`
Կարտինալ Անճելօ Ամաթոն, հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Ռուանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք
դասի անդամ եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը
կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 3-ին Ֆրանչիսկոս Պապը, Պօղոս
Զ անուան սրահի քովնտի սրահի մը մէջ, ընդունեց Անգլիոյ Եղիսաբեթ Բ թագուհին, անոր կողակիցը
եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։