2014-04-03 12:24:05

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց իսլամ իւլեմաներու համախմբումի պատուիրակութիւն մը


Հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց իսլամ իւլեմաներու համախմբումի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին շէյխ Ալի Խազէմ, շէյխ Իպրահիմ Ալպրէյտի, շէյխ Շարիֆ Ալ Տահէր եւ շէյխ Հիւսէյն Ղապրիս: Անոնք փոխանցեցին հրաւէր մը հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասնակցելու հոգեւոր վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մայիս 2014-ին, ապա նաեւ խնդրեցին Հոգեւոր Տիրոջմէ նշանակել մնայուն անդամներ խորհրդակցական հանդիպումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան նախապատրաստական շրջանին:
Հանդիպումին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Քեսապի աղէտալի դէպքերուն եւ տագնապալի կացութեան: Իսլամ իւլեմաները դատապարտեցին ծայրայեղական երեւոյթները եւ ցաւալի նկատեցին Քեսապի մէջ պատահածը:
Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, տիարք Ապուտ Պօղոս եւ Անթուան Գալայճեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.