2014-04-03 11:36:35

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը չորեքշաբթի, 2 ապրիլին, Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքին ստանձնած պատրիարքութեան պաշտօնին քառամեակը, որ հարուստ էր յաջողութեամբ ու ազգային եւ եկեղեցական նուաճումներով:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւակցութիւն յայտնեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ` Զաքքա Իուաս պատրիարքին վախճանումին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Իգնատիոս Բ. Քարիմը ասորի ուղղափառ համայնքի պատրիարք նշանակումին առիթով:
Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Աթալլա եպիսկոպոսը առեւանգելու փորձը եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն այդ երեւոյթները կասեցնող համապատասխան քայլերու դիմելու:
Մարոնի եպիսկոպոսները հանգստութիւն յայտնեցին Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան առիթով եւ մաղթեցին, որ նման ծրագիրներ կը գործադրուին երկրին տագնապալի բոլոր անկիւններուն մէջ: Այս շրջագիծին մէջ, խորհուրդը քաղաքական անձնաւորութիւններէն պահանջեց զօրակցիլ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն:
«Լիբանանը արտաքին տագնապներուն եւ բախումներուն մէջ ներքաշելու կեցուածքը եւ այլոց խնդիրները Լիբանան փոխադրելու քայլերը պատճառ կը հանդիսանան տարիներ շարունակ տեւած համերաշխութիւնը թիրախ դարձնելուն», նշեց խորհուրդը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Մաալուլայի մայրապետներուն ազատ արձակումին համար ի գործ դրուած ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ քաջալերեց Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդներուն ազատ արձակումին համար թափուած ճիգերը:
«Կը մաղթենք, որ այդ ջանքերը կը հասնին նաեւ Սուրիոյ բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն ազատ արձակումին եւ կը ցաւինք Սուրիոյ մէջ գտնուող աղօթատեղիներու սրբապղծումին», հաստատեց խորհուրդը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.