2014-04-03 12:27:00

Էդուարդ Նալպանտեան Քեսապի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ նամակ յղած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին


ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Մարտ 21​-ին Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի իրավիճակի սրման վերաբերեալ նամակ յղած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Գի Մունին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
“Հայաստանը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ վերջին շրջանին Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը` առաւելապէս հայերով բնակեցուած հինաւուրց Քեսապ քաղաքի եւ շրջակայ 12 գիւղերու մէջ իրավիճակի սրման առնչութեամբ: Հասանելի բոլոր վկայութիւնները եւ Քեսապի աշխարհագրական դիրքը թոյլ կու տան եզրակացնելու, որ վերջին յարձակումները, առանց որեւէ կասկածի, իրականացած են Թուրքիոյ տարածքէն սահմանը հատած, ալ-Քաիտայի հետ կապուած ահաբեկչական խումբերու կողմէ: Բռնի գործողութիւնները, որոնք մեծ մասամբ ուղղուած էին քաղաքացիական բնակչութեան դէմ, յանգեցուցած են տեղի բնակչութեան տեղահանման: Ծայրահեղական խումբերը պղծած են Քեսապի հայկական եկեղեցիները, զգալի վնաս հասցուցած են բնակիչներու ունեցուածքին` արձանագրելով մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներու գորշ տեսարան: Միայն քանի մը տարէցներ մնացած են քաղաքին մէջ, որոնք ի վիճակի չեն եղած հեռանալու: Այս սոսկալի յարձակումները մեծապէս կը վտանգեն ՄԱԿ-ի ԱԽ կողմէ միաձայն ընդունուած 2139 եւ 2118 բանաձեւերուն իրականացումը, որոնք ուղղուած են ճանապարհ հարթելու սուրիական ճգնաժամի լուծման համար:
Հայաստանը բազմաթիւ առիթներով բարձրացուցած է Սուրիոյ մէջ զինուած հակամարտութեան պայմաններուն ցեղական եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու, ներառեալ հայերու, պաշտպանութեան անյապաղ անհրաժեշտութեան մասին, որոնք յայտնուած են ծայրայեղ խոցելի իրավիճակի մէջ եւ դարձած են առաջնային թիրախներ: Քանի որ ճգնաժամը կը շարունակուի, շատ կարեւոր է անյապաղ պահանջել թրքական իշխանութիւններէն ձեռնարկելու հրատապ քայլեր` ծայրահեղական խումբերու կողմէ իր տարածքի յետագայ օգտագործումը կանխելու համար:
Քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ուժի կիրառումը, անկախ անոնց ցեղական կամ կրօնական պատկանելութենէն, պէտք է միանշանակօրէն դատապարտուի: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է վճռական ջանքեր գործադրէ տեղահանուած մարդոց` ներառեալ հայերու, ապահովութիւնը եւ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար, պայմաններ ստեղծելու իրենց բնակութեան վայրերը անոնց շտապ, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի համար եւ ապահովելու անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն` իրենց հրատապ կարիքները հոգալու համար”:







All the contents on this site are copyrighted ©.