2014-04-03 10:02:02

Եգիպտոսի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ


Եգիպտոսի վարչապետ Իպրահիմ Մահլապ, ընկերակցութեամբ երկրին կրթութեան նախարար Տիար Մահմուտ Ապու Նասէրի, չորեքշաբթի, 2 ապրիլին, Եգիպտոսի Տահէր քաղաքին մէջ գտնուող Լա Սալ կոչուած կաթողիկէ դպրոցը այցելեց ուր Վարչապետը իր ուսմունքը աւարտած է 1967- թուականին։
Եգիպտոսի վարչապետ Իպրահիմ Մահլապ, իր ուղղած խօսքին մէջ, յիշեց իր կազմաւորման տարիները՝ երախգտագիտութիւն յատնելով քրիստոնեայ դպրոցներուն
եւ գնահատելով անոնց որակը` դաստիարակչական եւ մշակութային ասպարէզներու ծիրէն ներս։ Խօսքին աւարտին, Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկէ դաստիարկչական հաստատութիւններուն, եւ անոնց գործունէութեան, ի նպաստ եգիպտացի երիտասարդներուն կազմաւորումին եւ անոնց զարգացումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.